Օգոստոս 9-ը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի կողմէն 1994 թուականին (դեկտեմբեր 23-ի № 49/214 որոշում) հռչակուեր է Տեղաբնիկ ժողովուրդներու միջազգային օր եւ կը նշուի ամէն տարի։ Արդեն 2004 թուականի դեկտեմբեր 20-ին № 59/174 որոշմամբ Գլխաւոր ասամբլեան հռչակեր է աշխարհի բնիկ ժողովուրդներու երկրորդ միջազգային տասնամեակը՝ «Գործողութեան եւ արժանապատւութեան տասնամեակ» կարգախօսով որոշուեր է շարունակիլ տօնիլ բնիկ ժողովուրդներու Միջազգային օրը երկրորդ տասնամեակի ընթացքին։
Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը այն հարցն է , որու համար Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդը կը պայքարէ արդեն 20 տարի:
Յիշեցունք, որ Արեւմտեան Հայաստանի պատւիրակութիւնը 2023 թուականի յուլիս 17-21-ը Ժնեւ մասնակցեր է բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմի 16-րդ նստաշրջանը:
Այս տարի ուսումնասիրութիւնները, հիմնական, կը վերաբերեին բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու վրա միլիտարացման ազդեցութիւնը, բնիկ լեզուներու միջազգային տասնամեակին, բնիկ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ համաձայնագիրները եւ այլ պայմանաւորուածութիւնները, փորձագիտական մեխանիզմի յետագա ուսումնասիրութիւնները, եւ բնիկ ժողովուրդներու մարդու իրաւունքներու յատուկ զեկուցող Ֆրանցիսկո Կալի Ցայի հետ երկխօսութեանը:
Սա ընթացիկ իրադարձութիւններու տեսանկիւնէ վճռորոշ նշանակութիւն ունեցող թեմաներ են հայ ազգի համար ։
Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի ամբողջական փաթեթը ՄԱԿ-ին է փոխանցեր Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի նախագահ պարոն Արմենակ Աբրահամեանը, ով խօսեր է Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վրայ միլիտարացման ազդեցութեան ուսումնասիրութեան մասին:
Պարոն Աբրահամեանը միջազգային յանրութեան ուշադրութիւնը ուղղեց 1920 թուականէ Արեւմտեան Հայաստան պետութեան մաս կազմող բնիկ ժողովուրդներու տարածքի ՝ արտասահմանէն միլիտարացումը յաստատող ապացոյցներու վրայ , որու նպատակն է ծրագրուած կերպով շարունակիլ բնիկ հայերու ցեղասպանութիւնը՝ անոնց սուրբ հողը իւրացնելու նպատակով:
Այս փոխանցուած ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնն այն է , որ Արեւմտեան Հայաստանի հայ ազգն ունի բնիկ ժողովուրդի աննախադեպ իրաւական կարգավիճակ եւ օրինակելի է բոլոր այն ժողովուրդներու համար, ովքեր կը ցանկընան իրացնիլ իրենց ինքնորոշման իրաւունքները։
Յիշեցունք, որ յուլիս 18-ին Ժնեւ տեղի ունեցաւ Բնիկ ժողովուրդներու պատմական երթ։ Բնիկ ժողովուրդներու պատւիրակութիւնները երթով շարժուեցան իրենց դրոշներով եւ բնիկներու աւանդական հագուստով։

