Բեռլինէ յուսայատուած եւ հուսախաբուած վերադառնալէն առաջ Խրիմեանի պատւիրակութիւնը իր բողոքն կ՚ուղարկէ կոնգրեսի նախագահ Բիսմարկը․ «Հայերն այժմ կսովրին թէ իրենք խաբուած են,թէ որովյետեւ իրենք եղեր են խաղաղասէս ,իրենց իրաւունքները չեն ճանաչուեր,  թէ իրենք ոչինչ չեն ձեռք բերեր պահպանելու համար իրենց հնադարեան եկեղեցու եւ իրենց հնադարեան ազգայնութեան անկախութիւնը»։ Ակնկալուելիք բարենորոգումներու փախարեն առաւել սրուեցան առանց այն ալ սրուած ազգամիջեան յարաբերութիւնները, հայկական հարցը հակադրեցան քրդականը, հրահրեցան քուրդ ռազմական աւագանին՝ վրեժխնդիր ըլլալ անզէն հայ ժողովուրդէն, որպէս հատուցում Բեռլինի դաշնագիրի «քրդերէն ու չերքեզներէն հայերը պաշտպանելու» 61-րդ յօդուածի։ Իրաւացի էր Խրիմեանը ,որ կը գրէր․ «Այլեւս կասկած չկա,որ քրդական միութիւն կը կազմակերպուի կառաւարութեան դրդումով, որը կ՚ուզէ անդամալուծիլ հայոց հարցը, ատոր յակադրելով նոր հարց մը՝ քրդականը։ Այս միութեան ոգին Օսմանեան քաղաքականութիւնն է: Ինչ կը վերաբերի հայերը, ապա անոնք շատ ուշ հասկըցան, որ կապիտալիստական Եվրոպայի պարագլուխները Բեռլին հաւաքուեր էին ոչ թէ լուծելու փոքր ժողովուրդներու ճակատագիրը,այլ սովորական միջազգային գործարքներ կնքելու՝ առանց ժողովուրդներու կամքին հետ յաշուի նստելու եւ ընդդէմ ժողովուրդներու կենսական շահերու։ Այդպիսին է բուրժուական դիւանագիտութեան բուն էութիւնը։ Այն իր էութեամբ անկարող է եւ երբեք չի ձգտեր արդարացիորեն լուծելու փոքր,եւ ոչ միայն փոքր, ժողովուրդներու կենսական հարցերը: Բեռլինի կոնգրեսը դիւանագիտական «լկտի կոմեդիա» էր։ Այն նպատակ ուներ առաջաւոր մարդկութեան ուշադրութիւնը շեղիլ եւ մոլորեցնիլ: Կոնգրեսի որոշումներն ունին աղաղակող անարդարացի բնոյթ։ Կողոպտուեցաւ  Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանը։

Օսմանեան կայրութեան հողերը զաւթեցան Անգլիան ու Ավստրո Հունգարիան։ Օսմանեան Կայսրութեան ստրկական տիրապետութեան տակ վերադարձուցին բուլղարները եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, անոնց դատապարտելով ֆիզիկական բնաջնջման ու բռնի ձուլման։

Ահա քաղաքակիրթ Եվրոպայի մեծ տերութիւններու ղեկաւարներու ողորմածութեամբ արեւելեան հարցի «հումանիստական» սկզբունքով լուծման պատկերը։ Կոնգրեսի աշխատանքները հանրագումարի բերելէն ետք պատմաբանները գրեր են․ «Պատմութեամ մէջ քիչ կգտնուին այդպիսի ահաւոր եւ անարդարացի որոշումներ»: