Փարիզի արւարձան Սեւր հարիւր երեք  տարի առաջ՝ 1920թ. օգոստոս 10-ին, կնքուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը՝ Թուրքիոյ սուլթանական կառաւարութեան եւ 1914-1918թ.թ. առաջին համաշխարհային պատերազմ յաղթանակ տարած դաշնակից պետութիւններու  միջեւ: Կնքուած այս Դաշնագիրը պետք է վաւերացներ Պողօս Նուբարը։ 

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն պայմանագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեանը: Նա եւ Արըւմտեան Հայաստանի հայերու  ներկայացուցիչ ըւ ազգային պատւիրակութեան ղեկավար Պողօս Նուբար փաշան, գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ կնքեցան լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, դիւանագիտական եւ առեւտրային հարաբերութիւններու վերաբերեալ: Միջազգային իրաւունքի տեսակետէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ դաշնագիրի մասնակից, դէ իւրե կը ճանաչուէր դաշնագիրը ստորագրած բոլոր պետթիւններու կողմէն: Պայմանագիրի հիմքը դրուեր էին 1916 թ. ստորագրուաթ Սաքս-Պիկոյի պայմանագիրի դրոյթներն ու 1920թ. Սան-Ռեմոյի խորհրդաժողովի որոշումները: 

1920թ. օգոստոս 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը բաղկացած էր 91 մասէն ու  433 յօդուածներէն: Հայաստանի բաժինն կ՚ընդգրկեր 88-93 յօդուածները:  Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչընար ազատ,  անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: Թուրքիան եւ Հայաստանը կը համաձայնուին Կարինի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Բաղեշի նահանգները սահմանազատումը թողնիլ ԱՄՆ-ի որոշմանը եւ ընդունիլ անոր բոլոր որոշումներն ու առաջարկները՝ ներառեալ Հայաստանը դէպի ծով ելք տալու եւ օսմանեան տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ: Վրաստանի եւ Ադրբեջանի հետ սահմանները որոշուելու էին այդ պետութիւններու 

հետ ուղղակի բանակցութիւնը:

Բաքուի ուժայիններու կողմէն Բերձորի ճանապարհի շրջափակումը ցեղասպանութիւն է արցախահայութեան նկատմամբ. Այսպիսի յայտարաութիւն է ըրեր Միջազգային քրեական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոն՝ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի մասին իր զեկոյցին մէջ: Նախկին դատախազը, սակայն, բացարձակապէս յաշուի չի առնէ Արցախի հետ կապուած պատմաիրաւական իրավիճակը եւ Ստալինի կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու ապօրինի բաժանումը։ Ինչը բաց դուռ է Արցախի եւ Սիւնիքի հայութեան էթնիկ զտումներու համար։