Չորեքշաբթի ” 9 ” ՕԳՈՍՏՈՍԻ 2023
Կար ժամանակ, երբ ես կը մտածէի, որ պետք է համապատասխանիլ այն մարդու կերպարը, որը կ՚ոզեմ ըլլալ, եւ ատ տեղին է: Երբ մէկը հարցոյց ինձի, թէ ինչու է ինձնմէ այդքան ժամանակ պահանջուեր իմ մասիս սեփական տեսութիւնս կիրառելու համար , ատ ստիպեց ինձի մտածիլ։
Անոր հարցումներն ինձի շատ վիրաւորեացան իբրեւ նախատինք, նախատինք՝ որն ինձի ստիպեց փոխիլ դարաշրջանը։ Ես գիտէի, որ ծնողներս եկեր են Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտ կոչուող պատմական քաղաքէն, որտեղ իմ տատիկս ու պապիկս եւ միւս հարազատները սպանուեր են թուրքերու կողմէն, իսկ ծնողներս հրաշքով վերապրեր են Ցեղասպանութիւնը եւ փախստական են դարձեր Ֆրանսիա:
Իմ կտրուած անմեղութեանս ընթացքին կեանքն ինձի նորէն ու նորէն ապտակեց, գուցէ ոչ այնքան դաժան, որքան ծնողներս , բայց գրեթէ նոյն դաժանութեամբ ՝ ստիպելով ինձի ներքաշուիլ այլ մարդկանց պատերազմներու մէջ եւ, ի վերջոյ, շրջիլ աշխարհով մէկ :
Բայց երբ սոված ես՝ ոչ երկիրը նշանակութիւն ունէ, ոչ կիրքը, ոչ պատճառաբանութիւնը, ոչ ողջախոհութիւնը, ոչ ալ՝ թէ ով ես:
Անորոշութիւնը կը տիրեր մարդը այնպէս, որ կը խեղյաթուրէ իրականութիւնը. ջրափոսը կը դառնա օւկիանօս, ողորմութիւնը Աստծո մանանա:
Դժուար է մանեւրիլ վախերով եւ ինքնատիրապետմամբ չսայթաքիլ վարդի փշերու վրայ, որոնց ծաղկաթերթերը պոկեր են:
Իսկ ժամանակս կ՚անցնէր ։ Եւ ես ստիպուած էի աշխըտիլ իմ կեանքիս մեծ մասը, որպէսզի ունենայի իմ սեփական տանիքս գլխավերեւը, իմ սեփական ընտանիքս եւ յետեւիլ, որ” մեր հանապազօրեա հացը ” չպակսի իմ սեղանէս: Ես արդեն յաւատարիմ էի այն բանը, եւ ատ կը ստիպէր յաւատալ, որ կը յարգեմ իմ արմատներս՝ յամոզուած ըլլաով, որ կեանքը ճիշտ եւ ազնիւ ըլլալը իմ նախնիներս յարգանքի տուրք մատուցելու միջոց է: Ես ինձ կը զգայի որպէս իմ արմատներուս դեսպան, առանց պորտֆելի: Եւ հիմա, երբ ինձ ոչինչ չի շտապեցնէ, եւ տարիները տիրեր են իմ մարմինս, ես կը վերադառնամ իմ առաջին ձգտումներս եւ կ՚ըսեմ.”Ես այն եմ, ինչ կ՚ուզեի ըլլալ ՝ հակառակ ամէն ինչի եւ անկախ ամէնէն”:
Ահա թէ ինչու ես կը վերարտադրեմ իմ գաղափարներս եւ կը թարգմանեմ իմ զգացմունքներս քանի մը լեզուներով ՝ յաւտալով, որ ատորով ես կ՚արտայայտեմ խոնարհումս իմ սպանուած հարազատներս, թիւրիմացութեան նահատակները յարգելու իմ յուրօրինակ ձեւս եւ սէրն իմ եղբայրներս , ինչպիսին անոնք կան, նոյնիսկ եթէ անոնք ինձի հետ չեն կիսեր իմ տեսլականս՝ թէ ինչպէա վերականգնիլ մեր ապագան անցեալի թափոններէն:
Ես հասկըցա, որ իմ գլուխս տանիք եւ սեղանի վրայ թարմ թխած հաց ունենալով ՝ ես կրնամ դադարեցնիլ իմ մասին մտածելս, սիրտս բացիլ ուրիշներու առջեւ եւ սկսիլ մատնանշիլ անոնց սխալները, ովքեր կը նախաճաշեն, կը ճաշեն եւ կ՛ընթրեն շքեղութեան հորձանուտը անոնց յիշեցնելով, որ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ միակ տարբերութիւնը փայտէ տուփի որակն է, որու մէջ անոնք պետք է թաղուին ու ծաղկեպսակներու քանակը, որը յաճախ լի է կեղծաւորութեամբ:
Այն օրը, երբ ես կգտնիմ դրախտի բանալիները, ես կըլլամ նա, ով կբացէ դրախտի դռները աշխարհին առջեւ: Եթէ իմ եղբայրներէս իւրաքանչիւրը փորձէ գտնիլ այլ դրախտներու բանալի ՝ այնտեղ այլ եղբայրներ ու քոյրեր տանելու համար, “մեր ամէն օրուա” փառասիրութիւնը ընդմիշտ կվերանա:
Այդ ժամանակ ես դուրս կու ցամ չորս քամիները յայտարարելու, որ իւրաքնչիւրը մարդկութեան բարօրութեան համար այն է, ինչ կ՚ուզէ ըլլալ իր ընտրութեամբ եւ ոչ թէ բարոյականութեան վաշխառուներու չափանիշի հերթական օղակը։
Ռայմոնդ Ռուբէն Բերբերեան
Իմ հայրենի Արեւմտեան Հայաստանիս քաղաքացի