Հինգշաբթի, 10 օգոստոս, 2023 թ

Թուրքիոյ իրականացուցած  ցեղասպանութենէ  նախախնամութեամբ փրկուած եւ աշխարհի գիրկը ապաստանած այս եղբայրները կորցուցեր են ամէն ինչ, բացի յիշողութենէ։ Այսօր, եթէ նոյնիսկ անոնց նախնիներու հողը բռնազաւթուած է ներխուժողներու կողմէն եւ կը կոչուի Թուրքիա, ատ չի փոխէր անոնց ծագման խաչը եւ չի ջնջեր  անոնց թափած  արիւնն, իբրեւ  ռասայական մարգինալութեան եւ կրօնական ռասիզմի նահատակներու արիւն:

Ակնյայտ է, որ մեր նախնիներու տարածաշրջանը կը բնութագրուեր իր խիստ կոնֆլիկտային եւ անկաիւն , բայց  բաղձալի տարածաշրջան, քանի որ այն Մետաքսի ճանապարհի մաս մըն էր՝ հսկայական խոտածածկ տարածքներով, որոնք բաղձալի էին վայրենիներու կողմէն, ովքեր ջանք չէին խնայեր ներխուժելու, գիւղեր ոչնչացնելու եւ թալնելու համար բնակիչներու ունեցուածքը։ Այսպէս հերթով կը յայտնուին  մոնղոլները, թաթարներն ու կը զարգըցնեին անասնապահութիւնը։ Հանկարծ Բիւզանդիան (Հռոմի միւս կողմը) ծանր կը վիրաւրուի, կը ջախջախուի մարդկային մորեխներու կողմէն, որոնք կու գան  ցախաւելով քշուածին պէս՝ անցնելով հայկական տարածքները  ջախջախելով անոնց պաշտպանութիւնը։ Այդ տարածքները միշտ յաւակներ են պարսիկները, արաբները եւ չգիտեմ էլի  քանիսը։ Օսմանեան թուրքերն էին, որ ճամբար դրին մեր հողի վրայ եւ կառուցեցին իրենց կայսրութիւնը՝ աւերիչ, գերիշխող, ամբարիշտ եւ անմշակ կայսրութիւն, որը հպատակեցոյց Եվրոպայի մասը մը, Արաբիան եւ ամբողջ Հիւսիսային Աֆրիկան: Բայց սա այլ պատմութիւն է։ Իսկ մենք՝ հայերս, օսմանցի բիրտին սովրեցուցեր ենք գիտութիւն ու արուեստ եւ  կառուցեր անոր սուլթաններու պալատները։ Իրենց արշաւներւ ձեռք բերած յաջողութիւններով  չբաւարարուելով , թուրքերը սկսան մրցիլ Մեքքայի հետ իսլամական յաւատքի գերակաիւթեան համար՝ մահմեդական յաւատացեալները Թուրքիա ներգրաւելու մտադրութեամբ։ Քրիստոնեաները գայթակղութեան քար են, եւ հայերը կը խոչընդորտեն անոնց ընդլայնման ծրագրերը։ Այս տարածքըկողք կողքի կապրեին հունական, քաղդեական, սիրիացի, ասորի, արաբ, քուրդ, գնչու եւ հրեական փոքրամասնութիւնները։ Իսկ հայերը կոտորուեցան ու վտարուեցան իրենց հայրենիքէն, չնայած անոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ էին։ Անոնք, ովքեր կրցան փրկուիլ ցեղասպանութենէ,  քանի մը որբեր են, որոնք պարզուեցաւ, որ մեր ծնողներն ու պապերն են, եւ մենք՝ անոնց ժառանգները, այսօր սփիւռքի եղբայրութիւնն կը կազմենք։ Ցեղասպանութեան ատեն քանի մը հազար մարդ մեկուսացուեր է՝ չգիտէս ինչու հեռացնիլ բնաջնջումէն, եւ այդ ժամանակուընէ անոնք մնացեր են Թուրքիա ձեռնաշղթաներով։ Ի դէպ, ես կը պնդեմ՝ մեր տատիկներն ու պապիկները Թուրքիոյ քաղաքացիներ են եղեր։ Եւ հէնց այս կետն կուզեմ պնդիլ, քանի որ դա տեղին է… Թուրքիան պետք է տրամաբանութեամբ կամ այլ կերպ ճանչընա հայկական սփիւռքի բոլոր անդամները որպէս իր երկրի քաղաքացիներ, ընդունէ անոնց հետ կատարուածը, ներողութիւն խնդրէ, փոխհատուցէ անոնց եւ վերաինտեգրէ  իրենց արմատները այնպէս, ինչպէս եղեր են՝.Թուրքիոյ ծագումով հայ  քաղաքացիներ. աւելի ճիշտ՝ թուրքեր, բայց ազգութեամբ հայեր։ Սա կողմէն մը. Միւս կողմէն, ազատ եւ անկախ Հայաստանը պետք է ապահովէ իր դեսպանատներու միջոցով  աշխարհով մէկ ցրուած սփիւռքի բոլոր հայ ժառանգներու,  Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կէնդրօնական Հայաստանի վերապրածներու յաւաքագրումն ու գրանցումը ՝ յատուկ վկայական տրամադրելու համար, ու կնշուի անոնց ծագումը, ազգանունը, անունը, ընկերութեան անուանումը, ընտանիքի արմատները,  որը կծառայէ իբրեւ վկաիւթիւն թուրքական իշխանութիւններու կողմէն յնարաւոր պահանջի պարագային. այս կամ այն ​​անձի, այս կամ այն ​​մարզէն և, յնարաւորութեան պարագային, ներառելով նաեւ անոնց տոհմածառը։

Ազատ ու անկախ Հայաստանի կողմէն մեծահոգաբար առաջարկուող երկազգութիւնը շատ կարեւոր եւ գայթակղիչ է, բայց մեր ճնշող մեծամասնութիւնը ատոր կը պատկանէ միայն խորհրդանշորեն։ Ես, օրինակ, կը ստանձնեմ իմ անտեղեակութեանս ողջ պատասխանատւութիւնը: Ատոր գոյութեան մասին իմցա միայն երեսուն տարեկանը: Յիշեցի, որ ծնողներս Դիարբեքիրէն՝ Տիգրանակերտէն  էին, որը ծագումով հայկական քաղաք է, որը բռնազաւթեր է Թուրքիան եւ  բնակեցուցեր  քրդերով։ Իմ յանգուցեալ ծնողներուս ոսկորները դեռ այնտեղ են՝ մեր հազարամեա պատմութեան, մեր աւանդական Հայաստանի ճանկերէն կախուած այս տարածաշրջանը։

Ունենալով  փաստաթուղթ մը, որը կը ճանչնար  ինձի որպէս մեր աստուածաշնչեան դրախտի այս յատուածի թոռ, ես կհաւաքեի երեք քաղաքացիութիւն՝ իմ ծննդեանս, իմ տատիկիս ու պապիկիս երազանքներու եւ իմ արթնացած զգացմունքներուս քաղաքացիութիւն:

Ռայմոնդ Ռուպէն Պէրպէրեան

Իմ արեւմտահայ արմատներու քաղաքացի