Սաշա Վաչագանի Գալստեան. զոհուեր է Արցախեան քառօրեա պատերազմը:

Սաշան ծնուերէ 1996 թուականը Արմաւիրի մարզի Մեծամոր քաղաքը: Սաշան բարի, հավասարակշռուած, հոգատար, մեծահոգի, համեստ, խելացի եւ ընկերասէր երիտասարդ էր: Կը սիրեր շփուիլ եւ նոր ընկերներ ձեռք բերիլ, լսիլ, օգնիլ եւ խորհուրդներ տալ մարդերը: Մանկութենէ կերազեր բժիշկ դառնալ եւ յետաքրքրուած էր բժշկութեամբ:

Սաշը ընկերներու եւ ծնողներու հպարտութիւնն էր: Դպրոցն աւարտելէն ետք որոշեց մանկութեան երազանքը ի կատար ածիլ եւ քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ հասաւ նպատակը: Սովրեր եւ կարմիր դիպլոմով աւարտեր էր Արմաւիրի բժշկական պետական քոլեջը: Ետք  ընդունուեր էր Երեւանի «Հայբուսակ» համալսարան եւ առաջին կուրսն աւարտելէն ետք  զորակոչուերլ բանակ:

Չէր սիրոր ընտանիքը նեղութիւն տալ: Ճանապարհածախս անգամ չվերցնելու համար, ծնողներէն թաքուն, դասերէն ետք կերթար աւտոլուացման կետ եւ մեքենաներ կը լուար:

Բանակը շատ լաւ կը ծառայեր եւ հպարտութեամբ կը կրեր զինւորական համազգեստը: Սաշան իր լավ ծառաիւթեան համար ստացեր էր սերժանտի կոչում: Ուրախութեանը չափ չկար: Ծնողներու հետ վերջին անգամ խօսեր է ապրիլ մէկը, ըսեր, որ դիրքեր կերթա, ամէն ինչ լաւ է, եւ պետք չէ անհանգստանալ:

Նա եղեր է առաջին գիծը: Զինքը հրամայեր են նպաստաւոր դիրք զբաղեցնիլ  եւ գնդացիրով կրակ բացիլ հակառակորդի ուղղութեամբ: Նա գերազանց կատարեր է առաջադրանքը եւ ճնշեր հակառակորդը իր դիպուկ յարուածներու շնորհիւ: Սակայն Սաշը գլխէն ծանր կը վիրւորուի: Կապի միջոցով փորձեր են կազմակերպիլ անոր տարհանումը, սակայն կրակը գնալով ուժեղցեր է: Բժիշկները չեն կրցեր մօտնալ եւ փրկիլ Սաշին կեանքը:

Սաշան տան միակ տղան էր: Ունէ երկու քոյր՝ Անահիտը եւ Լուսինէն: Երկուքն ալ անկէ փոքր էին:

Սաշայի հայրը՝ Վաչագան Գալստեանը, մէկ այլ հարցազրոյցի ատեն ըսեր է.  «Ինչ ունէի` հայրենիքս տուի»: