«Ես անմահ եմ, մամ, չնայած շուտ եմ մահանալու»․այս խօսքերը մինչեւ անգամ ծառաիւթեան գնալը յաճախ կը կրկներ  44-օրեա պատերազմը զոհուած Արամ Պողօսեանը։ Մայրը կը բարկանար ու կանհանգստանար՝ ինչու  18-ամեա որդին այդ մասինկը մտածէ։ 

Ի ծնէ տաղանդը, արուեստագէտի ոգին ու զգացմունքը դէպի գոյներն Արամի մօտ արտահայտուեր էին, երբ նա անգամ խօսիլ չէր կրնար։ Փոքր տարիքը  անդադար կը նկարեր, որտեղ պատահեր։ Կը նկարեր ու սեփական պատկերները կը ստեղծեր սովորական կերպարներէն ու ստանդարտներէն դուրս եւ կը պատմեր ու կը բացատրեր բոլորը  նկարները՝ երբեւէ չմոռնալով  մանրուք մը։ Գեղարուեստի պետական ակադեմիա անվճար կը սովրեր․ ծառաիւթեան էր գացեր իր հասակակիցներէն աւելի ուշ։ Արամը տանկի հրամանատար էր, արուեստագէտի ազատ հոգին սկիզբը բարդ կը յարմարուեր ծառաիւթեան խստութիւնը, եւ, չնայած ատօր, լաւագոյն զինւորներու շարքն էր։

Պատերազմի ատեն Արամն ու ընկերները Ջրական կը կռուեին։ Բնաւորութեան համաձայն չէր բողոքեր  ու նեղսրտեր․ ինքն կոգեւորեր ծնողները։ Հոկտեմբեր 5-ին Արամի ամէնավառ ու գունագեղ նկարը՝ կեանքը, ընդհատուեց ու մնաց կիսատ։ Արամն իր կեանքի 21 տարիները ստեղծագործեց ու իր իւրօրինակ ձեռագիրը թողեց արուեստին մէջ։ Հունիս 24-ին «Liver» արուեստի մենեջմենթի ընկերութեան ջանքերով Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բացուեցաւ Արամին ցուցայանդէսը։