Մասնակիցներու հետ Ծիծեռնակաբերդ էին այցելեր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, տեղակալներ Ռոլանդ Շառոյանը, Ստեփան Դեր–Բեդրոսեանը եւ գործկոմի այլ անդամներ։ Հյուրերը կուղեկցեր ՀՑԹԻ տնօրեն Յարութիւն Մարութեանը: ՀՀ նախագահի եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահի անունէ ծաղկեպսակներ դրուեցան Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը, որմէ ետք Համահայկական 8-րդ խաղերու մասնակիցները ծաղիկներ դրեցին անմար կրակին քով եւ յարգեցին Հայերու ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Այնույետեւ անոնք եղան Հայերու ցեղասպանութեան թանգարանը, ծանօթացան մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնները: Աշխարհի 41 երկրի 179 քաղաքներէն ժամանած մարզիկներու մաս մը առաջին անգամ կայցելեր Ծիծեռնակաբերդ։ Անոնք շատ տպաւորուած էին ու յուզուած: