1908թ. 

Երիտթուրքերու հեղաշրջումը

Օսմանեան կայսրութիւն աւելի ու աւելի կը հասունանար արիւնարբու սուլթանէն ազատուելու գաղափարը: Կառաջանային խմբաւորումներ, որոնց նպատակը սուլթանական կարգերը խորտակիլն էր: Հետզհետե միաւորուելով` այդ խմբաւորումները վերածուեցին շարժման, որը ստացաւ «Երիտասարդ Թուրքեր» անուանումը: Շուտով երիտթուրքերը ստեղծեցին իրենց կուսակցութիւնը` Իթթիհադ վե թերաքիի (հայերէն` «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն»):

1908թ. յուլիսը Երիտասարդ Թուրքերու հեղաշրջման յետեւանքով սուլթան Աբդուլ Յամիդ II-ը զրկուեցաւ իշխանութենէ, իսկ 1909թ.` գահընկեց արուեց:

Երիտթուրքերն ասպարեզ իջան XVIIIդ. ֆրանսիական յեղափոխութեան հռչակած «Ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն» կարգախօսով: Կայսրութեան բոլոր ժողովուրդները, մահմեդական թէ քրիստոնեա, ցնծութեամբ ընդունեցին «կարմիր սուլթանի» տապալումը: Մարդիկ կը կարծէին, թէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան մէջ նոր դարաշրջան է սկսուեր: Ինչպէս կը վկաէ Մուսա Պրէնսը, ցնծացող …հայերը, թուրքերը, յոյները կը գրկախառնուէին փողոցները»: Բայց, ինչպէս շատ շուտով պարզուեցաւ, երիտթուրքերը դիմակաւորուած ազգայնամոլներ էին, որոնք շարունակեցին իրենց նախորդ սուլթաններու` հալածանքներու եւ ջարդերու քաղաքականութիւնը: Անոնք կայսրութեան բոլոր ազգերը ձուլելու եւ «մաքուր» թուրքական ազգ ստեղծելու գաղափարակիրներ էին` գտնելով, որ յանուն այդ գաղափարի իրագործման չպետք է կանգ առնիլ անգամ զանգուածային կոտորածներու առջեւ:

Երիտթուրքերու հեղաշրջումէն ընդամէնը մէկ տարի անց` 1909-ի ապրիլը, թուրք ազգայնամոլ տարրերը Կիլիկիոյ Ադանա քաղաքին ամբոխը գրգռեցին հայերու դէմ: Քանի մը օր անց իրավիճակին միջամտեց նաեւ թուրքական բանակը: Կոտորածը Ադանայէն տարածուեցաւ նաեւ Կիլիկիոյ հայաբնակ այլ վայրեր` Մարաշէն մինչեւ Կեսապ: Որոշ բնակավայրեր հայերը դիմեցին ինքնապատշպանութեան եւ կրցան փրկուիլ: Կոտորածը դադարեց միայն մէկ ամիս ետք, երբ հայերը շուրջ 30.000 զոհ էին տուեր: Երիտթուքերու հեղաշրջումը ոգեւորութեամբ ընդունած հայերու մէջ առաջին անգամ առաջացաւ լուրջ կասկած եւ յուսախաբութիւն: