Յաշուի առնելով երիտասարդութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու մասին բարձրաձայնելու Երիտասարդութեան միջազգային օրուա խորհուրդը՝ Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդները դիմեր են ՄԱԿ-ին, ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկրները ու միջազգային կառոյցները՝ ահազանգելով, որ 2022 թուականի դեկտեմբեր 12-ից սկսած Բաքուն, խախտելով 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կետով սահմանուած դրոյթները, անտեսելով ՄԻԵԴ 2022թ. դեկտեմբեր 21-ի որոշումը եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 2023 թուականի փետրւար 22-ի իրաւաբանորեն պարտադիր որոշումը, կը շարունակէ փակ պահիլ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ արտաքին աշխարհը կապող Բերձորի ճանապարհը: «Ութ ամիս շարունակուող շրջափակման յետեւանքով Արցախ օրեցօր աւելի կը վատթարանա իրավիճակը: Խախտուած են Արցախ բնակուող երիտասարդներնիս բոլոր հիմնարար ու տարրական իրաւունքները, մասնաւորապէս՝ ազատ տեղաշարժման, առողջութեան, կրթութեան, սոցիալական եւ շարք մը այլ իրաւունքներ:Բաքուի կողմէն իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւններու արդիււնքը այսօր արդեն լրջագոյնս վտանգուած է Արցախ բնակուողներուս՝ 120.000 մարդու կեանքի իրաւունքը: Արցախ ապրող երիտասարդն այսօր կանգնած է կեաքը սպառնացող մարտահրաւերներու առջեւ: Թերսնման, առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայքի, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու բացակաիւթեան պատճառաւ երիտասարդ ընտանիքները աճեր է պտղի աճի հապաղման եւ վիժման դէպքերու քանակը, հասարակութիւնը կտրուկ աճեր է գործազրկութեան ու աղքատութեան մակարդակը, վառելիքի բացակաիւթեան պատճառաւ արդեն իսկ անհնարին է դարձեր սեփական հայրենիքը ազատ տեղաշարժուելու յնարաւորութիւնը:

Այդ ամէնով հանդերձ, Արցախ բնակուողներս Բաքուի կողմէն ամէնօրեա ռեժիմով կենթարկուին  անմարդկային, նվաստացնող եւ ահաբեկող գործողութիւններու: Եւ սրանք գոյութիւն ունեցող խնդիրներու միայն մասն մըն են:

Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդները կը դիմեն ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը, ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած մարմինները, ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկրները ու միջազգային այլ կառոյցները՝ պահանջելով կիրառիլ իրենց լիազորութիւններու ողջ գործիքակազմը՝ Բաքուի կողմէն համակարգուած ահաբեկչական գործողութիւններու յետեւանքով իրականացուող ցեղասպանութեանը համապատասխան գնահատական տալու եւ ցեղասպանութեան յետագա ընթացքը կասեցնելու ու նոր ողբերգութիւնները կանխելու ուղղութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
https://fb.watch/mpGAlZIRyj/?mibextid=cp4HYo