Բաքուն կը շարունակէ Դադիվանքի վանական համալիրը սեփականելու քաղաքականութիւնը։
Ինչպէս տեղեկացուցեր են ադրբեջանական ԶԼՄ-ները, «Բաքուի աղուանա-ուդիական քրիստոնեական կրօնական համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք Աղուանքի (Կովկասյան) առաքելական անկախ եկեղեցու հետնորդն են, այցելեր են Հուդաւենգ վանական համալիր, կրօնական ծեսեր կատարեր եւ մոմեր վառեր համալիրը պատկանող եկեղեցին»։
Արցախ Դադիվանքի համալիրը, որը կը գտնուի հայկական պատմական Քարւաճառի շրջանը, որն այժմ Բաքուի վերայսկողութեան տակ է, հռչակուեր է «աղւանա-ուդիական», այստեղ այն իւրացնելու ակտիւ քաղաքականութիւն կը վարուի։
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը բազմիցս անդրադարձեր է Բաքուի ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Ատոր վառ դրսեւորումներէն է նաեւ մշակութային արժեքներու յանդէպ տարուող քաղաքականութիւնը: Երբ Բաքուի իշխանութիւնները ձեռնտու է օտար մշակոյթի իւրացման քաղաքականութիւնը, անոնք վանդալիզմի փոխարեն, որը դրսեւորեցին Նախիջեւան եւ շարք մը այլ վայրեր, կը սկսեն կիրառիլ սեփական պատմութիւն եւ մշակոյթ չունեցող ժողովուրդի քաղաքականութիւն: Բաքուն նոյնիսկ չի խորշեր յայտարարիլ, որ քրիստոնեական ժամանակաշրջանի կառոյցներն իրենց կը պատկանին , չնայած իրենց մուսուլմանական հավատքին պատկանելութեան փաստը: Դադիվանքը ատոր վառ օրինակներէն է: Յայտարարելով այն իբրեւ աղուանական մշակութային կոթող, նպատակ ունեն իրենց պատմութիւնը հասցնիլ նախաքրիստոնեական եւ վաղ քրիստոնեական ժամանակաշրջան, երբ իրենք իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն գոյութիւն չունեին: Բաքուի իշխանութիւններու նմանատիպ քաղաքականութեանը կը հավատան միայն իրենք: Պատմութիւնը ճշգրիտ գիտութիւն է եւ վաղ, թէ ուշ ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի : Կը մաղթենք մեր հարեւան ցեղերը յիշել այս մասին եւ իրենց ողջ եռանդն ու նիւթական միջոցներն օգտագործիլ ազգագոյացման նպարակներու համար, չնայած այն բանը, որ շատ են ուշըցեր եւ կանգնած են վերացման վտանգին առաջ: