Աբրահամ Արտաշեսի Բարնջեան, ծնուեր է 1993թ մայիս 12-ին Արագածոտնի մարզի Արտենի գիւղը, սովորեր Արտենիի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը, դպրոցն աւարտեր է գերազանց առաջադիմութեամբ:  2010թ-ին ընդունուեր է Երեւանի պետական համալսարանի ինֆորմատիկայի եւ կիրառական մաթեմատիկայի ֆակուլտետ։ Ընդունուելէն կէս տարի անց զորակոչուեր է, ծառայեր Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաշատի սահմանապահ զօրամասը։ 2013 թուականէ նոյն զօրամասը ծառաիւթիւնը շարունակեր է որպէս պայմանագրային զինւորական, եւ  2016 թուականին զօրացրուելով,  շարունակեր է ուսումը Երեւանի պետական համալսարան՝ ուսումը համատեղելով աշխատանքի հետ։ 

Աբրահամի համար «հայրենիք», «հայրենասիրութիւն» պարզապէս հասկացութիւններ չէին, այլ վեհ գաղափարներ, ինչը կը կրեր ամբողջ հոգով եւ էութեամբ: Հայրենասիրութեան ամէնաթանձր գոյնը խտացուած էր Աբրահամի մարդ-հայրենասէրի կերպարը: Պատերազմը սկսուելու հէնց առաջին օրը Աբրահամը գիտակցուած կամաւորագրուեր եւ մեկներ է Արցախ:

Եղբայրը կը պատմէ.

-Երբ հեռաձայնեց, միանգամից ըսեց. «Թշնամին հարձակուեր է, ես կերթամ պատերազմ, սկսուեր է…»: Կամաւորագրուելէն  եւ մեկնելէն առաջ Աբրահամը ըսեր էր. «Ես կերթամ, բայց դուք չմտածեք, որ չեք գալու, դուք ալ եք մեզ միանալու»:  Սա գիտակցուած քայլ էր…

Մարտական թեժ գործողութիւններ են ընթացեր Վարանգաթաղ, Աբրահամը աչքի է ընկեր իր արիութեամբ, անձնուրաց պայքարով՝ անտեսելով մահը: Արցախեան 44-օրեա պատերազմի տասներորդ  օրը՝ հոկտեմբեր 6-ին, հերոսի մահով ընկաւ կամաւորական Աբրահամ Բարնջեանը՝ թշնամու ձեռքն անցած Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը գրոհելիս։