Ֆրանսիոյ ԱԳ նախարարը խորը մտահոգութիւն է յայտներ, որ Արցախի բնակչութիւնն արդեն աւելի քան ութ ամիս է, ինչ կը տառապէ Բաքուի կողմէն Բերձորի ճանապարհի արգելափակման յետեւանքով։ Կոլոննան ափսոսանք է յայտներ Բաքուի կողմէն շարունակուող շրջափակման կապակցութեամբ, որը կը հակասէ հրադադարի մասին համաձայնագիրներու շրջանակները ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ վնաս կը հասցնէ բանակցային գործընթացը:Նա ընդգծերէ, որ չլուծուած հարցերը կրնան լուծուիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով, ինչն արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւն կտա: Այդ մասին նախարարը նշեր էր նաեւ ապրիլ 27-ին եւ 28-ին Բաքու եւ Երեւան կատարած իր այցերու ժամանակ: Նախարարը կրկներ է Բերձորի ճանապարհով մարդկանց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով վերականգնելու, բնակչութեանն անխափան գազ եւ էլեկտրականութիւն մատակարարելու իր կոչը: Նա յիշեցուցեր է, որ Բաքուն պետք է կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, իրականացնէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուար 22-ի որոշումը, որն ունէ պարտադիր կատարման ուժ։