ԱՄՆ-ն կոչ կընէ Բաքուի իշխանութիւնները վերականգնիլ Բերձորի ճանապարհով տեղաշարժը։

Հայաստանի Հանրապետութեան խնդրանքով յրաւիրուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստը այս յայտարարութիւնն ըրեց ՄԱԿ-ի ԱԽ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Լինդա Թոմաս-Գրինֆիլդը։ Անոր խօսքով` ԱՄՆ-ն անհանգստացած է Արցախի հումանիտար իրադրութեամբ եւ խիստ անհանգստացած է Բերձորի ճանապարհի փակմամբ:

«Մենք Բաքուի կառաւարութիւնը կոչ կընենք վերականգնիլ  Բերձորի ճանապարհով երթեւեկութիւնը։ Մենք նաեւ կը նշենք այլ երթուղիներու շուրջ փոխզիջման հնարաւորութիւնը։ Հումանիտար փոխադրումները չպետք է սահմանափակուին», – յայտարարեց նա։

Ըստ ԱՄՆ ներկայացուցչի` կողմերը պետք է շարունակէն յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները, ինչը ճկունութիւն եւ փոխզիջումներ կը պահանջէ։

ԱՄՆ-ը կողմերը զսպուածութեան եւ մարդասիրական իրաւունքի շրջանակը ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման կոչ կընէ։

«Մենք կշարունակենք մասնակցիլ բոլոր գործընկերներու հետ աշխատանքը», – եզրափակեց դիւանագէտը: