Շուէյցարիան կոչ կընէ  Հայաստանը եւ Բաքուն հավատարիմ մնալ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած իրենց հանձառութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրւար 22-ի որոշմանը, որով Բաքուն պետք է ձեռնարկէ բոլոր յնարաւոր միջոցները Բերձորի ճանապարհով ապահովելու երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ ապրանքներու, բեռներու եւ մարդկանց տեղաշարժը։

«Ընդգծինք նաեւ, որ պետք է ապահովել անխոչընդոտ մուտքը մարդասիրական գործունեութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններու համար, ինչպէս որ կը պահանջուի մարդասիրական միջազգային իրաւունքով։ Կոչ կընենք գտնիլ հումանիտար կոնսենսուս, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնը հասնի այն բնակչութիւնը, որը ունէ ատոր կարիքը։ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պետք է վերականգնի իր գործունեութիւնը տարածաշրջանը՝ առանց խոչընդոտներու։

Կոչ կընեքն կողմերը ձեռնարկիլ լարուածութեան թուլացման ուղղուած միջոցառումներ եւ ջանքեր գործադրիլ յարաբերութիւններու նորմալացման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար։ Շուէյցարիան հանձառու է այս ջանքերը առաջ մղիլ բարեխղճութեամբ, եթէ երկու կողմերը հետաքրքրուած են ատորով։ Շուէյցարիան հանձառու է իր ուժերու սահմանները ապահովելու մարդասիրական ճգնաժամի զարգացման յետագա կանխումը»,- ընդգծեր է ՄԱԿ-ի ԱԽ Շուէյցարիոյ ներկայացուցիչը։