Բաքուի կողմէն օգոստոս 16–ին գերեւարոիած պահեստազորայինի համար ՀՀ կառավարութիւնը դիմեր է Եվրոպական դատարան՝ Բաքուի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով։ «Լուրեր»-ին տեղեկութիւնը յայտներ է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակի մամուլի խօսնակ Հասմիկ Սամուէլեանը։

Յիշեցունք` ՀՀ ՊՆ–ն յայտնեց, որ օգոստոս 16-ին պահեստազորային Գ. Ո.-ն, նախնական տուեալներով, ինքնակամ թողեր է մարտական դիրքը, զինքը յայտնաբերելու նպատակով կընթանան որոնողական աշխատանքներ։

Աւելի ուշ ադրբեջանական կողմը յայտարարեց, որ ձերբակալեր են հայ զինծառայողը։ Յակառակորդը առիթը բաց չթողեց հերթական ապատեղեկատւութիւնը տարածելու համար` նշելով, թէ իբր դիւերսիոն ներթափանցման փորձ է եղեր։

Աւելի ուշ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացոյց տեսանիւթ մը, որտեղ կերեւեր՝ ինչպէս են Բաքուի ԶՈւ խումբ մը զինծառայողներկը մօտնան դեռեւս չպարզուած հանգամանքները ադրբեջանական կողմը յայտնուած պահեստազորային Գ. Ո.-ին, նախ կը զրոցեն անոր հետ, ապա կը ձերբակալեն եւ մեքենայով կը տեղափոխեն անյայտ ուղղութեամբ: