ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան, «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտայետազոտական կէդրօն» եւ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ներու մասնագետներն այցելեր են Արագածոտնի մարզի Տիրինկատար հնավայր: 

Ըստ նախարարութեան տարածած յաղորդագրութեան՝ աշխատանքային խումբը ծանօթացեր է  10-րդ տարին իրականացուող վիշապաքարերու պեղումներու ընթացքին, ուսումնասիրուեր են յուշարձաններու եւ նախատեսուող պահպանական գոտիներու սահմանները։ Համայնքի ներկայացուցիչներու ներկայացմամբ՝ տարածքը իրենց համար միշտ սրբավայր է եղեր, իսկ տարածքը առկա վիշապաքարերն ու ժայռապատկերները պահպանուեր են համայնքի կողմէն։ Առաջիկա կազմուած փաստաթուղթերը կներկայացուին նախարարութիւն եւ կքննարկուին փորձագիտական հանձնաժողովի կողմէն՝ Տիրինկատար հնավայրին նորայայտ յուշարձանի կարգավիճակ տալու եւ պահպանական գոտին հաստատելու համար։