Օգոստոս 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջով յրաւիրուած ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի ձեւաչափով արդեն երկրորդ քննարկման ժամանակ հնչած գնահատականներն ու Բաքուն ուղղուած հասցեական ուղերձներն ըստ էութեան կը լրացնէին մինչ օրս տարբեր կառաւարութիւններու, միջազգային կառոյցներու, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէն արտայայտուած յստակ դիրքորոշումները։Յատկանշական էին անդամ պետութիւններու եւ ԵՄ ներկայացուցիչի ելոյթներն առ այն, որ Բաքուն պարտաւոր է վերացնիլ Բերձորի ճանապարհի ապօրինի արգելափակումը՝ համաձայն 2020թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրւար 22-ի եւ յուլիս 6-ի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներու։ Ակնյայտ է, որ Բաքուն կը շարունակէ խեղաթիւրել միջազգային հանրութեան կոչերը, կեղծ եւ իրականութեանը չհամապատասխանող պատրեւակներ փնտրիլ` չիրականացնելու իր պարտաւորութիւնները եւ, երկարաձգելով հումանիտար ճգնաժամը, ներառեալ սովամահութեան միջոցով էթնիկ զտումներու ենթարկիլ Արցախի բնիկ ժողովուրդը։ Աւելին, Բաքուն կը փորձէ շահարկիլ միջազգային դերակատարներու ցանկացած «հավասարակշիռ» մոտեցում՝ այն մեկնաբանելով որպէս իր որդեգրած քաղաքականութեան շարունակման թողտւութիւն: Կընդգծենք Արցախ հումանիտար ճգնաժամի վերացման ուղղութեամբ առկա միջազգային ողջ գործիքակազմի օգտագործման եւ Բերձորի չանապարհով երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժի վերականգնման եւ Արցախ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու անարգել մուտքի ապահովման հրատապութիւնը: ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւնը, բարձր գնահատելով միջազգային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը նպաստելու իրենց մանդատին յաւատարիմ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու սկզբունքային եւ արդար դիրքորոշումները, շարունակելու է աշխատանքները տարբեր հարթակները, այդ թուին՝ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհրդը, յետեւողական քայլերու գործադրմամբ Բերձորի չանապարհի ապաշրջափակման եւ Արցախ հումանիտար ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ: