Արարատեան թագաւորութեան թագաւոր Սարդուրի II-ի կողմէն մ.թ.ա. 750 թուականին կառուցուած՝ Վանի Հայոց ձոր՝ այժմ Գյուրփընար գաւառի Հայկաբերդ՝ այժմ Չավուշթեփէ ամրոցը եւ դեպի հիււսիս գտնուող դամբարանադաշտի տարածքը կատարուած պեղումներու ընթացքը կարեւոր բացայայտումներ են ի յայտ եկեր։ Վանի հարիւրամեա համալսարանի գրականութեան ֆակուլտետի դեկան, դոկտոր, պրոֆ. Ռաֆեթ Չավուշօղլուի ղեկավարած 24 հոգանոց արշաւախումբը ամրոցի հիւսիսային մասը ընթացող պեղումներու ժամանակ պարզեր է, որ դարեր առաջ Արարատեան թագաւորութեան բնակիչները երկրաշարժերէն պաշտպանուելու համար յատուկ շինարարական հնարքներ են օգտագործեր:
Ըստ այդմ՝ ամրոցի ներքին եւ արտաքին պարիսպները յնարաւոր երկրաշարժերու ժամանակ չփլուզուելու նպատակով տեռասային մեթոդով կառուցուած 2 մետր լայնութեամբ եւ 20 մետր երկարութեամբ պատնեշ-ամրութիւններով միմեանց են միացուեր: Դոկտոր Չավուշօղլուի խօսքով՝ ամրոցը 35 տարի շարունակուող պեղումներու ընթացքին ամէն տարի նոր գտածոներ կը յայտնաբերուին, որոնք լոյս կը սփռեն Արարատեան թագաւորութեան մասնագէտներու շինարարական եւ ճարտարապետական յմտութիւններու վրայ։