1919 թուականի յունւար 27-ին Կ. Պօլիսի ռազմական ատեանի նիստը Մուստաֆա Քեմալը երիտթուրքերու մասին ըսաւ յետեւեալը. «Այն փաշաները գործեցին չտեսնուած, անպատմելի եւ անըմբռնելի ոճիրներ եւ իրենց անձնական շահերն ապահովելու համար երկիրը հասուցին ներկա վիճակ: Անոնք գործադրեր են ամէն տեսակի բռնութիւն, կազմակերպեր են տեղահանութիւններ եւ ջարդեր, նաւթով այրեր են ծծկեր մանուկներու, իրենց ամուսիններու եւ ծնողներու ներկայութեամբ բռնաբարեր են կանանց եւ աղջիկներու, զաւակները, մանաւանդ, աղջիկները բաժաներ են իրենց ծնողներէն, բռնագրաուեր են հայերու անշարժ եւ շարժական ունեցուածքը, ամէն բռնութիւն գործադրելով` հայերը տարագրեր են մինչեւ Մուսուլ` անոնց ողբալի վիճակի հասուցելով, հազարաւոր անմեղներու ծովն են նետեր, մարդկանց բռնադատեր են, ստիպերլ յաւատափոխ ըլլալ, սովալլուկ ծերունիներու ամիսներով քայլեցուցեր եւ ստիպեր են աշխատիլ, երիտասարդ կիները նետեր են որեւէ ազգի պատմութեան մէջ նմանը չունեցող զարհուրելի հանրատները»: Արդեն փետրւարը սկսաւ երիտթուրքերու առաջնորդներու դատաւարութիւնը, որոնք կը մեղադրուէին պատերազմին ընթացքը գործած հանցանքներու, երկիրը կործանարար պատերազմին մէջ ներքաշելու մէջ: Առաջ քաշած մեղադրանքների մեջ առկա էր նաև Օսմանյան կայսրությունում հայերի դեմ կոտորածներ կազմակերպելու եւ իրականացնելու մեղադրանքը: Սակայն երիտթուրքերու որոշ առաջնորդները ներկայացուած դատավճիռը կը կրեր «հեռակա» բնոյթ, քանի որ անոնք հասուցեր էին պատերազմի աւարտը փախչիլ երկրէն: Յուլիս 5-ը կրապարակուեցաւ երիտթուրք պարագլուխներու դատավճիռը, ըստ որու՝ 31 հանցագործներէն 4-ը` Թալէաթը, Ջէմալը, Էնուէրը եւ Նազիմը, դատապարտուեցան մահուան, իսկ մնացած 27-ը` տարբեր տարիներու ազատազրկման: