Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պատասխանելով «Արմենպրես»-ի այն հարցը, թէ կը պատրաստուի՞ Ամերիկան բանաձեւի նախագիծ ներկայացնիլ Արցախ հումանիտար իրավիճակի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի օգոստոս 16-ի հրատապ նիստէն ետք, պատասխաներ է. «Անցեալ չորեքշաբթի Արցախի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը ՄԱԿ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Լինդա Թոմաս-Գրինֆիլդի նախագահութեամբ Խորհուրդը քննարկեց ընթացիկ հումանիտար իրավիճակը վերաբերող հարցերը։Բանաձեւի նախագիծ մենք չենք տեսեր, եւ այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգները անդամ երկրները կը ճնշէ չստորագրիլ բանաձեւ, բացարձակ կեղծիք են։Ինչպէս նշուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը մեր յայտարարութեան մէջ, Արցախի հումանիտար իրավիճակը կը շարունակէ մեզի խորապէս մտահոգիլ, եւ մենք Բաքուի կառաւարութիւնը կը քաջալերենք շուտափոյթ բացիլ Բերձորի ճանապարհը հումանիտար, կոմերցիոն եւ մասնաւոր փոխադրումներու համար»