Ինչպէս տեղեկացանք Artsakhpress-ի Guardian-ը, անդրադառնալով Արցախ ստեղծուած իրաւիճակը, կը գրէ․ «Արցախն  այժմ սուր պակասութիւն կը զգար։ Սնունդը քիչ է։ Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի՝ կը բացակայեն նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան դեղամիջոցները, հիգիենայի միջոցները եւ մանկական կաթնախառնուրդը: Սուպերմարկետները դատարկ են, հասարակական աւտոբուսներու ծառայութիւնները դադարեցուեր են վառելիքի պակասի պատճառաւ. քաղաքի պիկ ժամն այլեւս չկա: Շատ թաղամասեր զրկուած են ջուրէն եւ էլեկտրականութենէ»,-ասուած է յօդուածին մէջ:The Guardian-ը նաեւ նշեր է, որ ԱՀ բնակիչներն կըսեն, թէ Բաքուի ծրագիրը յստակ է՝ ստիպիլ իրենց սովի մատնուիլ, որպէսզի եթէ ճանապարհը վերաբացուի, անոնք հեռընան: Պարբերականը կը գրէ՝ չնայած որոշակի դիւանագիտական առաջընթացը՝ Բաքուն մինչ այժմ չի լսեր միջազգային խնդրանքները եւ Արցախի շուրջ հակամարտութիւնը կը դիտարկէ որպէս ներքին խնդիր։