Ինչպէս կը տեղեկանանք թուրքական լրատուամիջոցներէն, Արարատական քաղաքակրթութեան ամէնաշքեղ կառոյցներէն մէկը՝ Այանիսին ամրոցը 36 տարի իրականացուած պեղումները լոյս են սփռեր 2700-ամեա պատմութեան վրայ։ Արարատական թագաւոր Ռուսա II.-ի կողմէն Վանա լիճը նայող բլուրին վրայ կառուցուած Այանիս ամրոցը սկսուած պեղումները եւ վերականգնման աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Ամրոցը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր նախշաքանդակներով եւ կարեւոր գտածոներով: Այանիսի ամրոցը արարատական ժամանակաշրջանէն մնացած կարեւորագոյն եւ առանձնայատուկ անտիկ կառոյցներէն մէկն է աշխարհը, որն կառանձնանար Խալդի Աստուած նւիրուած տաճարի քարաշէն զարդաքանդակներով, քաղաքը շրջապատող պարիսպներով եւ քարի ու աղիւսի առկայութեամբ։
Այս տարուա աշխատանքները շեշտը դրուեր է տաճարի յետնամասի պահպանութեան եւ վերականգնման վրայ։ Պեղումներու ղեկավար Մեհմէթ Ըշըքլըն ըսեր է. «Մեր 36 տարուա պեղումներու մեծ մասն իրականացուեր է Խալդի Աստուածը նւիրուած տաճարային համալիրի տարածքը։ Տաճարի տարածքէն յայտնաբերուած հարուստ հնագիտական նիւթը մեր առջեւ կը բացէ արարատական շրջանը մարդկանց պաշտամունքի աշխարհը եւ ուրարտական կրօնական ծեսերը հասկընալու, ներկայացնելու չափազանց հեշտ ճանապարհը, որու արդիւնքը Այանիսի ամրոցը աւելի շատ յնարաւորութիւններ կան, քան արարատական այլ կառոյցները»։