
Ֆրանսիական Le Figaro պարբերականը կը յայտնէ, որ Ֆրանսիան կը պատրաստուի բանաձեւ ներկայացնիլ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդ՝ օգնելու Արցախի 120 հազար բնակիչները, որոնք Բաքուի կողմէն շրջափակման մէջ գտնուելու պատճառաւ կանգնած են սովամահութեան եզրը։Պարբերականը կը նշէ, որ Փարիզը եւ Ֆրանսիոյ խոշոր շրջանները մարդասիրական օգնութեամբ աւտոշարասիւն են ուղարկելու Հայաստան։ Կը նշուի, որ փաստացի 2022 դեկտեմբերէն Բաքուի կողմէն Արցախը Գորիսին հետ կապող միակ ճանապարհն արգելափակելէն ետք տեղի հայ բնակչութիւնը պարբերաբար փոձութիւններու կ՚ենթարկուի՝ զրկուած ըլլալով սննդի, դեղորայքի, գազի, էլեկտրաէներգիայի, վառելիքի մատակարարումներէն: