Արդեն երկար տասնամեակնեդ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստի եւ ատոր միջազգային ճանաչման դէմ թուրքական կառաւարութիւնը կը պայքարէ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ գիտական ոլորտը: Յարկ է շեշտիլ, որ թուրքական պաշտօնական պատմագրութիւն կոչուածը, ըստ էութեան, նոյնական է պատմութեան խեղաթիւրմանը, յատկապէս, երբ խնդիրը կը վերաբերի Հայերու դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնը  կամ Արեմտեան Հայաստանի հայերումհարցի: Պատմութիւնը նորովի եւ իրենց հարմար ձեւով կերտելու, այսինքն` կեղծելու հանձնարարականը թուրքական պատմագրութիւնը տրուեր էր Թուրքական պետութեան  հիմնադրի` Քեմալ Աթաթուրքի կողմէն, եւ այդ հարցը կը գսնուէր անոր անմիջական վերայսկողութեան ներքոյ: Հայութեան դէմ թուրքական պատմագիտական հարձակումը յատկապէս կ՚ակտիւանայ  1965 թուականէ ետք, եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի է մինչ օրս: Ներկայիս եւս Հայերու դէմ իրականացուած  ցեղասպանութեան հարցը թուրքական պատմագրութեան թիւ մէկ խնդիրն է, որու ուղղութեամբ այն կ՚իրականացնէ համակարգուած քաղաքականութիւն: Թուրքական պատմագրութիւնը իւրօրինակ կերպով կը ներկայացնէ հայերը, հայերու ապրած կեանքը Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Հայկական հարցի առաջացումը։ Հոս կարեւոր է արձանագրիլ, որ, ըստ թուրքական պատմագրութեան, հայերը եւ թուրքերը մինչեւ 19-րդ դարը որեւէ խնդիր չեն ունեցեր, ամէն ինչ սկսուեր է 19-րդ դարու վերջին քառորդը, երբ մեծ տերութիւնները օգտագործեր են հայ ժողովուրդը իրենց իսկ քաղաքական խնդիրները առաջ մղելու նպատակով, իսկ հայերն ալ, որոնք մինչ այդ համերաշ  կ՚ապրեին Օսմանեան կայսրութեան տարածքը, 1877-1878 թթ. ռուսթուրքական պատերազմին ընթացքը առաջին անգամ խռովութիւններ են բարձըրցուցեր պետութեան դէմ։ Ամէնեւին յարկ  չկա թուարկիլ 1299-էն (Օսմանեան կայսրութեան հիմնադրման տարեթիւն է, չնայած, որոշ պատմաբաններ, վիճելի կը յամարեն այս տարեթիւը,) մինչեւ 1878 թուականը տեղի ունեցած մեծ ու փոքր հայ-թուրքական բախումները, ճակատամարտերը, թշնամանքի այլ դրսեւորումները, որ յնարաւոր ըլլայ մերժիլ այդ՝ ակնյայտ կեղծ տեսակետը։ Դեռեւս 16-րդ դարը տեղի ունեցած թուրք-պարսկական պատերազմներու ընթացքը հայ ժողովուրդի կրած վնասները, Դավիթ Բեկի, Եսայի Հասան Ջալալեանի եւ Մխիթար սպարապետի ղեկավարած ազատագրական շարժումները Սիւնիքը եւ Արցախ, 1724թ. թուրքերու ներխուժելը Արարատեան դաշտ, Կարբի գիւղի 40-օրեա հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը։