ԱՄՆ սենատոր Էնթոնի Պորտանտինոն ներկայացուցեր է Սենատի 9-րդ համատեղ բանաձեւը, որը կոչ կ՚ընէ Բաքուն դադարեցնիլ Արցախի անմարդկային շրջափակումը եւ ապահովիլ սնունդի, դեղորայքի եւ մարդասիրական ապրանքներու ազատ եւ համարժէք հոսք Բերձորի ճանապարհով, կը տեղեկացնէ Արցախպրեսը: Alphanews.am-ի փոխանցմամբ, Պորտանտինոն յայտարարեր է՝ Արցախ իրավիճակը սարսափելի է եւ խորապէս մտահոգիչ։
«Քանի որ մեր աչքին առաջ ցեղասպանութիւն կը ծաւալուի, մենք պետք է գործենք։ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար զինքը թոյլ տալ եւս մէկ օր սպասիլ առանց Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային գործողութիւններու՝ վերջ դնելու այս աւերիչ հումանիտար ճգնաժամը: Շատ կարեւոր է, որ մենք դուրս գանք բառերէն, պահանջենք վերաբացիլ Բերձորի ճանապարհը եւ դադարեցնենք ռազմական օգնութիւնն Բաքուն: Ես խստորեն կը դատապարտեմ Բաքուի բռնի եւ ցեղասպան արշաւն Արցախի հայ ժողովուրդի դէմ, որը մնացեր է առանց սնունդի, բժշկական պարագաներու եւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքի»,- ըսեր է սենատորը։