Jnews.ge կայքի փոխանցմամբ՝ օգոստոս 27-ին, մեծանուն աշուղ Ջիւանու հայրենի գիւղը առանձնակի շուքով ու յանդիսաւորութեամբ նշուեց Ջիւանու օրը: Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի բնակչութիւնն աւանդաբար հուլիսեան վերջին օրերէն մէկը կի նւիրէ հայ մեծ աշուղ Ջիւանու մեծարմանը, սակայն այս տարի բեմի նորոգման պատճառաւ օգոստոս 27-ին նշեցին։

Տոնական օրուա մեկնարկը տրուեցաւ ծաղիկներ խոնարհելով գիւղամէջը կանգնեցուած Ջիւանու արձանը, որմէ ետք տոնախմբութեան մասնակիցները շարժուեցան դէպի աշուղ Ջիւանու տուն-թանգարան, որտեղ ծանօթացան աշուղի կենսագրութեանն ու թողած մշակութային ժառանգութեանը: Ջիւանու մեծարմանը նւիրուած տոնայանդէաը վերստին տարածուեցաւ անոր երգն ու երաժշտութիւնը: «Ջիւանու օր»-ն իր անզուգական կատարումներով գեղեցկացուցին Ախալքալաքի Մշակոյթի տան «Ջիւանի», «Ջաւախք» անսամբլները՝ Աշուղ Ալիք Ջաւախքի ղեկավարութեամբ: Բեմը Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ռադիոյի «Սայաթ- Նօւա» անսամբլն էր ջիւանական երգ ու տաղով։ Հնչեցին Ջիւանու եւ այլ աշուղներու սիրուած երգեր։