Ի վերջոյ, ինչի՞ հետ էր կապուած այս ամբողջ աղմուկը, որը բարձըրցաւ թուրքական կառավարութիւն Հալաչօղլուի յայտարարութենէ ետք, եւ արդեո՞ք սա ուղղորդուած էր իշխանութեան կողմէն, թէ՞ ոչ։ 

Ըստ Հալաչօղլուի՝ իր այս յետազոտութիւնը որեւէ կապ չունի իշխանութիւններու հետ եւ ունէ զուտ գիտական ուղղուածութիւն։ Բայց նաեւ կ՚աւելացնէ, որ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է այս ամէնը տրամադրեր կառավարութեան օղակները: 

Ըլլալով «պալատական» պատմաբան՝ Հալաչօղլուն յայտնի է իր սկանդալային եւ ոչ գիտական յայտարարութիւննեդով, որոնք, որպէս կանոն, միշտ կը գտնուին  լայն արձագանք, ինչն ալ, իր հերթը, մեծապէս կապուած է անոր զբաղեցուցած պաշտօնի հետ, ինչպէա նաեւ յաճախ առաջ կու գար արհեստականորեն եւ ուղղորդուած: Կոնկրետ վերջին յայտարարութիւնը չի կարելի յամարիլ սենսացիոն, որովյետեւ, ըստ էութեան, Հալաչօղլուն որեւէ նոր բան չի ըսեր: 

Իսլամացած հայերու գոյութիւնը շուտւընէ յայտնի փաստ է, իսկ յայտարարութեան միւս մասը, թէ սա սպառիչ պատասխան է հայկական կողմը, լուրջ չեն ընդուներ անգամ իրենք՝ թուրքերը, եւ, ինչպէս իրավացիորեն նկատեր էր թուրք լրագրող մը, «Ինչ մեղք է Թուրքական կառաւարութիւնը, եթէ Հայկական հարցը իրոք կ՚առաջնորդուի Հալաչօղլուի խորհուրդներով»։ Նոր չէին նաեւ Հալաչօղլուի յայտարարութիւնները տարբեր ծայրահեղական կառոյցները ծագումով հայերու առկաիւթեան մասին։ 

Տարիներ շարունակ թուրքական մամուլը, բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ եւ քաղաքական գործիչներ կը խօսին  այդ մասին, տարբեր մարդկանց կը վերագրեն հայկական ծագում (այդ թուին՝ Աբդուլահ Օջալանին), կը նշէ, որ սպանուած շատ քուրդ ահաբեկիչներ թլապատուած չեն եւ այլն։ Հալաչօղլուի յայտարարութենէ արհեստական մեծ արձագանք ստեղծելու մէջ, բնականաբար, մեծ էր մամուլի դերը, եւ թուրքական գրեթէ բոլոր թերթերն իրենց առաջին էջերը, հեռուստաընկերութիւնները լրատուական թողարկումները կ՚անդրադառնային էին այս խնդիրը: Մինչդեռ Հալաչօղլուէն աւելի վաղ նոյն թեմայով բազմիցս արտայայտուեր էր եւ աւելի կոշտ յայտարարութիւներ ըրեր թուրք մէկ այլ պատմաբան` պրոֆեսոր Սալիմ Ջյոհջեն, որն ավւելի խորութեամբ կը զբաղուեր ծպտեալ եւ իսլամացած հայերու խնդիրով, սակայն անոր մտքերը եւ յայտարարութիւնները մամուլը շատ մեծ արձագանք չգտան։ 

Հալաչօղլուի յայտարարութիւնը եւ  ատոր լայն արձագանքը մէկ անգամ եւ ցոյց կու տան, որ կրօնափոխ եւ ծպտեալ հայերու թեման կը գտնուի թուրքական տարբեր շրջանակներու ուշադրութեան կէդրօնը, որոնք արդեն սկսեր են դա օգտագործեր եւ շահարկեր։ Միեւնոյն ժամանակ, չի կարելի բացառիլ, որ «պալատական» պատմաբանի յիշեալ յայտարարութիւնը կրնար ունենալ այդ օրերը քաղաքական զարգացումներէն հասարակութեան ուշադրութեան կէդրօնացումը թուլացնելու նպատակ։