Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ Մենեդեսը ըսեր է. «Խորապէս անհանգստացած ենք, որ Բաքուն կը շարունակէ իր զազրելի պահուածքը, որն ուղղուած է Արցախի հայերը վախցնելը, մարդասիրական օգնութեան մուտքի արգելքը եւ ԿԽՄԿ-ի կարեւորագոյն գործունեութիւնը խաթարելուն: Սա անընդունելի է»: Օգոստոսի 28-ին Բերձորի ճանապարհին տեղադրուած ապօրինի անցակետը Բաքուի իրաւապահ մարմիններու կողմէն առեւանգուեր էին Արցախի բնակիչներ Ալեն Սարգսեանը, Վահէ Յօւսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը։ Աւելի ուշ Բաքուի գլխաւոր դատախազութիւնը յաղորդագրութիւն էր տարածեր՝ նշելով, թէ երիտասարդները ձերբակալուեր են Բաքուի դրոշն անարգելու համար։ Բաքուի գլխաւոր դատախազութիւնը նշեր էր, որ երիտասարդներու նկատմամբ քրեական հետապնդումը դադարեցնելու որոշում են կայացուցեր, անոնք 10-օրեա կալանքէն ետք «կարտաքսուին Բաքուի տարածքէն»։