ԵԽ մարդու իրաւունքներու հանձնակատար Դունեա Միյատովիչը մտահոգութիւն  կը յայտնէ Բերձորի ճանապարհի արգելափակման յետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ: Մասնաւորապէա, Դունեա Միյատովիչը նշեր է, որ կը շարունակէ լրջորեն մտահոգուած ըլլալ 2022 թուականի դեկտեմբերէն Բաքուի կողմէն Բերձորի ճանապարհով անցնող ճանապարհի արգելափակումէն ետք Արցախ տիրող հումանիտար իրավիճակով եւ բնակչութեան իրաւունքներով։ 

«Չնայած իմ եւ բազմաթիւ այլ միջազգային շահագրգիռ կողմերու կոչերը՝ հումանիտար եւ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը այդ շրջանը աւելի է վատթարացեր՝ ազդելով յատկապէս առաւել խոցելի խաւերու վրայ՝ մարդկանց տեղաշարժի երկարատևփեւ խափանումներու, սնունդի մատակարարումներու եւ շտապ բժշկական օգնութեան հասանելիութեան խաթարման պատճառաւ: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ), որն այս ատեն միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնն է, որը կը գործէ Բերձորի ճանապարհը, նշեր է, որ բնակչութիւնը կը բախուի կէնսական դեղամիջոցներու եւմառաջին անհրաժեշտութեան իրերու բացակայութեան խնդիրը»,- ըսեր է Հանձնակատարը։ Միյատովիչը նշեր է, որ «շահագրգիռ կողմերը պետք է անյապաղ լուծում գտնին` խուսափելու համար տեղի բնակչութեան համար շատ վտանգաւոր իրավիճակի յետագա վատթարացումէն եւ երաշխաւորեն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրողներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ապահովողներու անվտանգ եւ ազատ տեղաշարժը»։