Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի է կոչուեր 18-27 տարեկան իգական սեռի ներկայացուցիչներու կամաւոր հիմունքներով պարտադիր ժամկետային զինւորական ծառայութեան ծրագիրը։

Ինչպէս «Արմենպրէս»-ը կը տեղեակա ՊՆ-ի տարածած յաղորրագրութենէ, ծառայութեան ժամկետը 6 ամիս է, որու ընթացքը ծրագիրի մասնակիցները կը ծառայեն բացառապէս ուսումնական զորամասը:

6-ամսեա ժամկետը լրանալէն ետք մասնակիցները կրնան ծառայութիւնը շարունակիլ «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագիրով եւ ընցնիլ 5 տարի ժամկետով պայմանագրային զինւորական ծառայութեան՝ այդ պարագային, բնականաբար, օգտուելով «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագիրի բոլոր արտոնութիւններէն: