Տարբեր ժամանակաշրջանները Հայկական լեռնաշխարհ ներխուժած նվաճողները որդեգրեր են հայերու ձուլման քաղաքականութիւնը, ինչի իրագործման հիմնական մեթոդներէն է եղեր բռնի կրօնափոխութիւնը։ Տարածաշրջան թիւրքական տարրի ներթափանցման ժամանակ եւ պետական միաւորներ ստեղծելէն ետք  բնիկ ոչ մուսուլման բնակչութիւնը կը կազմէր մեծամասնութիւն, եւ նուաճողները խնդիր դրեցին փոխել պատկերը ու ստեղծիլ իսլամադաւան մեծամասնութիւն: Ատոր համար անկիւնաքարային քաղաքականութիւն դարձաւ բնիկ ժողովուրդներու բռնի իսլամացումը: Հայերը ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան ոչ մուսուլման հիմնական ազգերէն մէկը` պարբերաբար ենթարկուեր են բռնի իսլամացման, որը տարբեր ժամանակները տարբեր ծաւալներ է ունեցեր: Յայտնի է, որ հազարաւոր հայերումբռնի իսլամացում է եղեր նաեւ 1915-23 թթ. Հայերու դէմ իրականացուցած ցեղասպանութեան տարիները: Ցեղասպանութեան ատեն առեւանգման եւ իսլամացման թիւ մէկ թիրախը, կարելի է ըսիլ, եղեր են հայ կանայք եւ աղջիկները: Առեւանգելով անոնգ` մուսուլմանները նախ` կ՚ազատուեին ամուսնութիւններու ժամանակ վճարուող «գլխագնի» ծանր ֆինանսական բեռէն եւ, բացի այդ, կը յամալրեն իրենց հարեմները: Իսլամացուած հայ կանանց մասին բաւական թուով փաստեր են ի յայտ եկեր  աւելի ուշ, երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմը պարտուած Օսմանեան կայսրութեանը կը պարտադրուի քայլեր ընիլ մուսուլմաններու տները պահուող հայ կանանց վերադարձնելու ուղղութեամբ: Այն, որ շատ հայուհիներու համար մուսուլմաններու հետ ամուսնանալէն ետք կեանքը հագեցած է եղեր տարատեսակ տրավմաներով, կասկածի ենթակա չէ եւ Եվրոպա բնակուող թուրք ուսումնասիրող Ուղուր Ունգորի կատարած դաշտային-յետազոտական աշխատանքներու ընթացքը արուած հարցազրոյցին մը մէջ  բաւական ուշագրաւ եւ խօսուն փաստի կյ յանդիպինք: Ունգորի հետ զրուցած ծագումով Վանէն քուրդ քաղաքական գործիչ մը ըսեր է, որ իր տատը հայուհի է եղեր: Այնուհետև վերոհիշյալ քաղաքական գործիչը Յաւդլեր է որ ինքը. «երբեք չէր հաակընար, թէ ինչու մռայլ եւ ընկճուած կինը միշտ իր սեփական ընտանիքն անիծելիս անոնց կ՚ամունաեր  «քուրդ սրիկաներ»:  

Ցեղասպանութեան տարիները հայ կանանց բռնի իսլամացման յետեւանքով այսօր բռնխզաւթուած Արեւմտեան Հայաստան ձեւաւորուեր է հասարակութեան շերտ մը, որն ունէ հայկական ծագում, յատկապէս հայ տատիկներ: Հրանտ Դինքն այս առիթով ըսեր է. «Այսօր, երբ կը շրջենք Արեւմտեան Հայաստանով, գրեթէ ամէն վայրը, շարք մը ընտանիքներ կրնաք յանդիպիլ մարդկանց, որոնք կ՚ըսեն. «Իմ պապս, տատս հայ էին» : Այսօր բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստան   հայ տատիկներ ունենալու հանգամանքն այնքան տարածուած է, որ դարձեր է նաեւ ժամանակակից թուրքական փաստագեղարուեստական գրականութեան նիւթ։