Արդեն հրապարակը կան տասնեակ փաստագեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, որոնց գլխաւոր հերոսը բռնի իսլամացուած հայ կինն է` իր բարդ հոգեբանական աշխարհով։ Չնայած իսլամացուաղ հայ կանանց կերպարներու միջեւ եղած որոշ տարբերութիւններու, կան նաըւ շարք մը ընդհանուր գծեր: Ուշադրութիւն կը գրաւէ յատկապէս այն, որ ամբողջ կեանքը իրենց ուղեկցող տրավմատիկ յիշողութիւններու մասին այդ կանայք նախընտրեր են բարձրաձայնիլ առաւելապէս կեանքի վերջը: Այսինքն` ամբողջ կեանքը թաքուցեր են ատ` վախնալով կամ գուցէ չուզելով ցաւ պատճառիլ իրենց զաւակները: Կա նաեւ անցեալի ցաւալի յուշերը թաքցնելու մէկ այլ կարեւոր պատճառ, այն է` անոնք չեն գտեր հարմար մը զրուցակից, ում կկարողանային վստահիլ իրենց գաղտնիքը: Նմանատիպ պատմութիւններու համար ընդհանրական է այն, որ պատմելով ամբողջ կեանքը թաքուցած տրավմատիկ յիշողութիւններու մասին` վերապրած հայուհիները, գուցէեւ ենթագիտակցորեն ցանկացեր են ազատուիլ այդ բեռէն կամ թեթեւցնիլ այն։ Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ այդ տրավմատիկ յուշերու ունկնդիր թոռները եւա կը դառնան տրաւմայի իւրայատուկ կրող եւ արդեն իրենք կը ձգտեն ազատուիլ ատոր բեռէն: Որպէս սա հաստատող օրինակ կրնաք դիտարկիլ Ֆեթհիյե Չեթինի յայտնի «Մեծ մայրս» գիրքի տպագրումէն ետք զինքը հանդիպած բազմաթիւ իսլամացուած հայերու զաւակներու, թոռներու ապրումները, որոնցմէ մէկը պատմելով իր մոր դառը կեանքի պատմութիւնը` վերջը խօստովաներ է. «Այս գիշեր կը կարողանամ հանգիստ քուն մտնիլ»: Իսլամացուած հայ կանանց վերաբերեալ գրքերը աչքի կը զարնեն տատեր-թոռներ յարաբերութիւնը, փոխադարձ կապուածութիւն ու վստահութիւնը, ինչը, կարելի է ըսիլ, այս թեման բնորոշ կարեւոր առանձնայատկութիւներենէ: Տարբեր ժողովուրդներու գրականութիներրու մէջ տարածուած եւ գրականագիտութեան խընդիրներէն մէկը՝՝ հայրեր-որդիներ խնդիրը, թուրք գրականութեան մէջ իսլամացուած հայ կանանց մասին պատմող ստեղծագործութիւնները վերածուեր է իւրայատուկ` տատեր-թոռներ խնդիրի: Թուրք գրաքննադատ Օմեր Թուրքեշը ցեղասպանութեան տրավմատիկ յիշողւոթիւնները կը յամարէ իւրայատուկ ժառանգութիւն, որը տատերը կը թողնեն թոռները: : Ինչպէս կը նշեն շատ մասնագէտներ, ցեղասպանութեան տրավմատիկ յիշողութիւնն կ՚ուղեկցէ հայութեան տարբեր սերունդները եւ կը դրսեւորուի իւրովի` կախուած ժամանակից եւ հանգամանքներէն: Հրանտ Դինքն այս մասին կը գրեր է. «Մինչեւ սերունդէն սերունդ մեր փոխանցուող տրաւմայէն չազատուինք, յնարաւոր չէ, որ հայկական աշխարհը հանգիստ ապագա ունենա»: