
Հայ եւ քուրդ ժողովուրդներոպ պատմական կապերն ու առնչութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: Ապրելով մերձաւոր յարեւանութեամբ` աշխարհագրական համարեա միեւնոյն միջավայրը` այս երկու դրացի ժողովուրդներու պատմական զարգացման ընթացքը եղեր են բազմաթիւ ընդհանրութիւններ: Անոնք երկուսն ալ, զուրկ ըլլալով պետականութենէ, կրեր են միեւնոյն օտար լուծը՝ արաբական, բիւզանդական, սելջուկեան, մոնղոլական, պարսկական եւ թուրքական: Այնույետեւ, գտնուելով համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող տուրեւառական-քարաւանային ճանապարհներու յանգուցակետը եւ ունենալով ռազմաստրատեգիական առաջնակարգ դիրք, Արեւմտեան Հայաստանն ու Քրդստանը դարեր շարունակ տեւականորեն եւ պարբերաբար գտնուեր են աւերիչ արշավանքներու, ասպատակութուններու, մեծ ու փոքր պատերազմներու եւ քաղաքական զանազան վայրիվերումներու հորձանուտը` տալով ահռելի քանակութեամբ մարդկային զոհեր եւ կրելով նիւթական ու հոգեւոր արժեքներու խոշոր կորուստներ: Օսմանեխն պետութեան տիրապետութեան տակ հայ եւ քուրդ ժողովուրդները կողք կողքի ապրեցին աւելի քան հինգ հարիւրամեակ:
Առանց վերապահութեան կարելի է ըտիլ, որ այդ ժամանակաշրջանը երկու ժողովուրդներու պատմութեան որոնցմէ մէկը բնիկ է ամէնամռայլ ու դժնդակ շրջանն էր: Օսմանեան կայսրութիւնը դարեր շարունակ ազգային հարցը լուծելու միակ ձեւը եղեր է ժողովուրդներու եւ ազգային հավաքականութիւններու ֆիզիկական բնաջնջումը, համաձուլումն ու ազգային դիմախեղումը:
Ընդ որում, եթէ բնիկ հայ ժողովուրդի նկատմամբ այդ քաղաքականութեան իրագործման ամէնատարածուած եղանակը եղեր է ջարդը, ապա քուրդերու նկատմամբ խռաւելապէս գործադրուեր է որպէս թնդանոթի միս օգտագործելու քաղաքականութիւնը` դարեր շարունակ անոնց մաշեցնելով իրենց մղած զաւթողական անվերջ պատերազմները: Գրականութեան մէջ «Քրդստան» հասկացութիւնը գործածուեր եւ մեր օրերն ալ կը գործածուի ոչ որպէս որոշակի քաղաքական սահմաններ ունեցող պետական կազմաւորման իմաստով, այլ որպէս աշխարհագրական տարածք մը, ուր բնակուեր է քրդական էթնոսը: Դա առաջին հերթին պայմանաւորուած է անորով, որ քուրդ ժողովուրդը, իր պատմական զարգացման ընթացքը, անգամ մը չի յաջողուեր ստեղծիլ սեփական պետականութիւն: Ուստի «Քրդստանի» տարածական չափերը տարբեր ժամանակները եւ տարբեր յետազոտողներու կողմէն նկատի են առնուեր տարբեր մոտեցումներով:
Western Armenia tv-ին կը ներհայացն նոր շարք` ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷՆ ԱՐԵՎՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ՔՐԴԱԿԱՆԱՑՄԱՆ» ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ XVI ԴԱՐԸ: