«Գարդման-Շիրւան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն կը յրաւիրէ Բաքուի կողմէն Մարդու իրաւունքներու եվրոպական համաձայնագիրի դրոյթներու բազմակի խախտման եւ ոտնահարման փաստերու վրա:

Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի Արձանագրութիւնը, ի լրումն Համաձայնագիրի I Բաժնի, կը սահմանէ նաեւ.

  • գոյքէն անարգել օգտուելու իրաւունք, սակայն Բաքուի կողմէն գիւղատնտեսական աշխատանքներու թիրախաւորումը անհնար կը դարձնէ վարելահողերու եւ գիւղատնտեսական տեխնիկայի անարգել եւ անվտանգ շահագործումը,
  • Համաձայնագիրը կը յաւելէ  նաեւ կրթութեան իրաւունքի ապահովումը, մինչդեռ Արցախ ստեղծուած հումանիտար աղետը անհնար կը դարձնէ կրթութեան իրաւունքի անխոչընդոտ իրացումը։

համաձայնագիրով եւ  ատ կից Արձանագրութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւներիւ կատարումն ապահովելու համար յիմնուեր է Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանը, որը 2022թ.-ի դեկտեմբեր 21-ի որոշմամբ Բաքուն պարտաւորեցուցեր է ձեռնարկիլ բոլոր միջոցները՝ ապահովելու միջանցքով Հայաստան բուժման կարիք ունեցող ծանր հիվանդներու եւ ճանապարհը առանց սնունդի եւ գոյութեան անհրաժեշտ միջոցներու մնացած այլոց տեղաշարժը, իսկ 2023թ.-ի հուլիս 17-ին վերահաստատեր, որ նախկին որոշումն ուժի մէջ է:

Այս ամէնով հանդերձ,

Կոչ կ՚ընենք միջազգային հանրութիւնը.

  • ճնշում գործադրիլ Բաքուի վրայ՝ կանխելու 21-րդ դարի մեծագոյն յանցագործութիւներէն մէկը՝ 120 հազար հայերու էթնիկ զտումը,
  • գործուն քայլեր ձեռնարկիլ Բերձորի ճանապարհով մարդկանց եւ բեռներու երկկողմ անխափան տեղափոխութիւնն ապահովելու, կենսագործունեութեան արժանապատիւ պայմաններու ստեղծման եւ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական համաձայնագիրով ու միջազգային այլ փաստաթղութերով սահմանուած Արցախի բնիկ հայութեան իրաւունքներու եգ ազատութիւններու լիակատար ապահովման համար։

Կոչ կ՚ընենք Բաքուի իշխանութիւները..

  • յարգիլ եւ կատարիլ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական համաձայնագիրով ամրագրուած իր պարտաւորութիւնները,
  • կատարիլ 2020թ․ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները՝ ապահովիլ Բերձորի ճանապարհով անխափան տեղաշարժը եւ նպաստիլ ներքին տեղահանուածներու ու փախստականներու վերադարձը Արցախ եւ յարակից տարածքներ՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներո  հարցերով գերագոյն հանձնակատարի գրասենեակի յսկողութեան ներքոյ,
  • կատարիլ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանի 2022թ.-ի դեկտեմբեր 21-ի որոշումը եւ ձեռնարկիլ բոլոր միջոցները՝ ապահովելու Բերձորի ճանապարհով տեղաշարժը»: