Ջաւախքի շրջանի Խավեթ գիւղը ուժեղ կարկուտ է տեղացեր:  15-էն 20 րոպե տեւած 3-4 սմ տրամագիծով կարկուտը հողին է հավասարեցուցեր գիւղացիներու այգիներն ու ցանքատարածութիւնները, ինչպէա նաեւ վնասեր է տուներու տանիքներ ու ինքնաշարժեր: Ջաւախքի քաղաքապետարանը կը յխշուարկեն  վնասի չափը, որպէսզի համապատասխան աջակցութիւն տրամադրեն բնակչութիւնը:

Ուժեղ կարկուտի հասուցած վնասները դեռեւս դժվար է գնահատիլ:  Ախալքալաքի քաղաքապետ Մելքոն Մակարեանը լրագրողներու հետ զրոյցը նշեր է,որ շրջանին մէջ կարկուտէն տուժած միակ գիւղը Խաւեթն է։

«Խաւեթէն այս ատեն ստացեր ենք 6 դիմում, կապուած տանիքներու վնասման հետ, այսօրուա դրութեամբ յայտերու ընդունումը կը շարունակուի, երբ արդեն դիմումները ստանանք, աշխատանքային անձնակազմ կգնա տեղը գնահատելու մարդկանց կրած վնասը եւ ըստ այդմ ալ կվորոշուի փոխհատուցման հարցը», – կ՚ըսէ Մեքոն Մակարեանը:

Նշինք, որ խաւեթցիներու խօսքով՝ նման չափի կարկուտ անոնք գիւղի չեն յիշեր, որ տեղացած ըլլար վերջին տարիները: