ԱՄՆ կոնգրեսական Ադամ Շիֆն անդրադարձեր է Բաքուի կողմէն ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու թեման, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն է յայտներ Բաքուի կողմէն Արցախի «դաժան շրջափակման» առնչութեամբ։ Այս մասին կոնգրեսականը գրառում է կատարեր Facebook եւ Twitter սոցիալական ցանցերու իր էջերը:
«Մինչ օրս Բաքուն կը շարունակէ ապօրինաբար պահիլ բազմաթիւ հայ ռազմագերիներու, իսկ անհետ կորած շատերու ճակատագիրը դեռ անյայտ կը մնար: Իմ մտքերն այն ընտանիքներոպ հետ են, որոնք Հայաստան եւ Արցախ դեռ չեն գտներ իրենց հարազատները: Ես կ՚աղօթեմ անոնց անվտանգ վերադարձի համար, ինչպէս որ կ՚աղօթեմ դաժան շրջափակման աւարտին համար», – գրեր է Շիֆը:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը բազմիցս արտայայտեր է իր մտահոգութիւնը Արցախ բնակուող իր զաւակներու ճակատագիրի վերաբերեալ: Շուշիէն տեղահանուածներու գործով ՄԻԵԴ շուտով կսկսուին ԱՀՀ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի լիազորութեամբ մուտք եղած շուշեցիներու գործերու դատաւարութիւնը: Մենք ուշի-ուշով կը յետեւենք ապօրինաբար Բաքուի բանտերը յայտնուած մեր քաղաքացիներու ճակատագիրներով: Գիտնալով. որ Բաքուի խօստումները արժէք մը չունին, մենք կը պատրաստուինք ռազմագերիներու գործերով եւս դատավարութիւն սկսիլ Բաքուի իշխանութիւններու ապօրինի գործողութիւններոպ կապակցութեամբ: Մենք մեր քաղաքացիներու հետ ենք եւ ամէն ինչ կընենք անոնց հանդէպ կատարուած ցանկացած ապօրինութեան յեղինակները արժանի պատիժ տալու համար: