Երկու հարեւաններու թշնամական յարաբըրութիւններու գլխաւոր պատճառներէն մէկը Հայաստանն էր` շնորհիւ ռազմաստրատեգիական իր կարեւորագոյն դիրքի: Առաւել եւս, որ Հայկական լեռնաշխարհը «կը յառնէ Միջագէտքի հարթավայրի վրա»: Լեոյի արտայայտութեամբ` «Օսմանեան պետութիւնն անկարող էր թողնիլ Հայկական բարձրավանդակը Պարսկաստանի ձեռքը, որովյետեւ այդ կնշանակեր արգելիլ թուրքերու շարժումները Միջագէտքի եւ Սիրիոյ շրջանները եւ մշտական վտանգի մէջ պահիլ նոյնիսկ բնիկ օսմանեան հայրենիք Փոքր Ասիան եւ Միջերկրական ու Սեւ ծովի ափերը» : 1507 թ. նախահարձակ ըլլալով, շահ Իսմայիլը գրաւեց Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասը, հասնելով մինչեւ Բաբերդ  եւ Երզնկա : Այնույետեւ 1508 թ. նա նուաճեց Արաբական Իրաքը` Բաղդադ քաղաքով հանդերձ, որը միջազգային քարաւանային տուրեւառի կարեւոագոյն հանգոցներէն մէկն էր: Սեֆեանները թուրք – օսմանցիներու նկատմամբ իրենց նուաճողական քաղաքականութիւնն կ՚իրագործէին «պատերազմ հանուն յաւատի» նշանաբանի ներքոյ, որը մեծ արձագանք կը գտներ սուլթաններու կէդրօնաձիգ քաղաքականութենէ դժգոհ Անատոլիոյ թուրք բնակչութեան մաս մը եւ յատկապէս շիա դաւանանքին յետեւորդ թուրքմենական ցեղերու մօտ: Շահը իր դերւիշ գործակալներու միջոցով Փոքր Ասիա կը մղէր եռանդուն կրօնական քարոզչութին, որու ազդեցութեամբ ամէնուրեք կը ստեղծուէին ռազմաշունչ ոգով տոգորուած ղզլբաշական գաղտնի կազմակերպութիւններ: Թուրքերու համար այս ամէնը դարձաւ խիստ վտանգաւոր յատկապէս այն բանէ ետք, երբ 1511 թ. Փոքր Ասիա բռնկուեցաւ յզոր ապստամբութիւն` շահ Իսմայիլը աջակցելու նշանաբանի ներքոյ:

Օսմանեան գահը ստանձնած սուլթան Սելիմ I Յաւուզը , որը «Մէկ պետութիւն, մէկ ազգ եւ մէկ կրօն» նշանաբանով ծրագրեր էր ստեղծիլ միասնական ուղղադաւա (սուննի) մահմեդական աշխարհ, դեպի արեւելք ծաւալուելու իր քաղաքականութեան կարգախօսը դարձոյց սուննիականութեան պաշտպանութիւնը հերետիկոս հորջորջուած շիաներու դէմ: Ատորով իսկ Օսմանեան կայսրութիւնը ստեղծուեցաւ Իրանի դէմ պատերազմներու կրօնական վարկած՝ «ղզլբաշներու կողմէն ոտնայարուած եւ սրբապղծուած» յաւատի վերականգնման անուան տակ: Պատերազմը կրօնական մոլեռանդութեան հունով տանելու  միաժամանակ Անատոլիոյ շիաներու ապստամբութիւններն  իր թիկունքը բացառելու նպատակով, սուլթան Սելիմ I Յաւուզը դաժան յաշւեհարդար տեսաւ Փոքր Ասիա շահ Իսմայիլի կողմնակիցներու հետ` նախապէս կազմուած ցուցակներով անխնա սրի քաշելով աւելի քան քառասունհինգ հազար մարդ: Ոչնչացուեցաւ եօթէն մինչեւ եօթանասուն տարեկան ողջ շիա բնակչութիւնը: Այդ դաժան գործողութիւնը նպատակ ուներ նաեւ շիաներէն մաքրիլ Իրանի հետ սահմանակից նահանգները, որոնց վրայով Սելիմը մտադիր էր իր զորքերը շարժիլ շահի դէմ: