ԱՀ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Ղազարեանը հարցազրոյց է տուեր ֆրանսիական Ouest-France օրաթերթը եւ լրագրողի խնդրանքով մանրամասն ներկայացուցեր Արցախ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակը եւ տեղի ունեցողը բնորոշիլ որպէս ցեղասպանութիւն, յղում ընելով եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտները:
Լրագրողի՝ Ինչպէ՞ս կարելի է կանխիլ այս ցեղասպանութիւնը հարցը Սերգէյ Ղազարեանը կը պատասխանէ. «Երկրներու ղեկավարներն ու ՄԱԿ-ը պետք է քաղաքական կամք դրսեւորեն: Միջազգային հանրութիւնն ունէ ցեղասպանութիւնները կանխելու պարտաւորութիւն եւ կարողութիւն։ Միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւնները պատշաճ կերպով տեղեկացուած են Արցախ տիրող իրավիճակին մասին։ Անոնք պետք է օբյեկտիւ գնահատական տան ատոր: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կրնար համապատասխան բանաձեպ ընդունիլ՝ կոչ ընելով Բաքուն դադարեցնիլ շրջափակումը։ Միջազգային կազմակերպութիւնները պետք է պատժամիջոցներ կիրառեն շրջափակման պատասխանատուներու նկատմամբ եւ բոլոր յնարաւոր ճանապարհներով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեն, այդ թուին՝ օդային ճանապարհով։ Մենք կը դիմենք ազատ ու առաջադէմ աշխարհը՝ պաշտպանելու մարդու ու ժողովուրդներու իրաւունքները։ Եկեք ժամանակ չվատնենք, քանզի, ի վերջոյ, խօսքը ցեղասպանութեան կանխարգելման մասին է»։ Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը ի դէմս ԱՀՀ-ն նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի, արտաքին գործերու նախարար Լիդիա Մարգօսեանի եւ ՄԱԿ-ը մեր պատւիրակութեան միւս անդամներու, մասնակցելով Բնիկ ժողովուրդներու հանձնախումբին նիստերը, մշտապէս կ՚նդգծէ, որ Հայկական բարձրավանդակը ապրող հայ ժողովուրդը իր ձեւաւորման օրէն մինչ այժմ բնիկ է իր իսկ սեփական տարածքները եւ ըստ միջազգային իրաւունքի, պետք է պահպանուի անոր բնիկութեան իրաւունքը: Այն իր մեջ կը ներառէ մարդու հիմնարար իրաւունքները, ընդհուպ մինչեւ իր սեփական պետութեան՝ այն է Հայաստան պետութեան, որու նահանգ մ՚ըն է Արցախը, տարածքը ազատ ապրելու եւ տեղաշարժուելու իրաւունքը: Սակայն համայն մարդկութեան աչքի առաջ այն խախտուեր է Բաքվի ցեղասպան իշխանութեան կողմէն: Մենք կը պահանջենք վերջ տալ այս ստոր քաղաքականութիւնը, քանի որ յակառակ պարագային ստիպուած ենք ըլլալու սեփական միջամտութեամբ լուծիլ հարցը: