Ուրուգուայ իշխող քաղաքական ուժն ընդուներ է Բաքուի կողմէն Արցախի շրջափակումը դատապարտող հռչակագիր:Այդ մասին՝ կ՚իմանանք  կուսակցութեան պաշտօնական կայքէն։

«Իրավիճակը չափազանց լուրջ է, քանի որ Բաքուն կը խախտէ Մարդու իրաւունքներն ու կ՚ոտնայարէ միջազգային փաստաթուղթերը, ինչպիսիք են, օրինակ, 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Բաքուի եւ Ռուսաստանի կողմէն ստորագրուած եռակողմ հրադադարի համաձայնագիրը եւ յատկապէս Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէն ընդունուած որոշման դրոյթները։ Միջազգային դատական ատեանն Բաքուէն պահանջեր է երաշխաւորիլ մարդկանց, տրանսպորտային միջոցներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը  Բերձորի միջանցքով»,- ըսուած է հռչակագիրը:

«Հայ ժողովուրդի հետ «Ազգային կուսակցութեան» մշտական ​​համերաշխութիւնը հիմք հանդիսացաւ դեռ 2022 թուականի սեպտեմբեր 20-ի հռչակագիրի ընդունման համար, որով կը դատապարտվեն Բաքուի կողմէն իրականացուած հարձակումները Հայաստանի միջազգայնորեն ճանաչուած տարածքներու վրայ։ Ուրուգուայի հայ համայնքի հետ միասին մենք լիակատար յամերաշխութիւն կը յայտնենք Արցախին ժողովուրդը՝ անոր պայքարը: Միանշանակ կը մերժենք Բաքուի կողմէն Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, որը գոյատեւման վտանգին տակ կը դնէ 120․000 բնակիչները: Կոչ կ՚ընենք մեր երկրի օրենսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը` Բաքուէն պահանջիլ յարգիլ Միջազգային հասարակական եւ մարդասիրական իրաւունքը, վերջ դնիլ այս ծայրահեղ ծանր իրաւիճակը»,- նշուած է հռչակագիրը: