Հողային հարցը ամէնաարմատական եւ ամէնավտանգաւոր հարցերէն էր Oսմանեան Թուրքիոյ հայաբնակ նահանգները, քանի որ Արևմտեան Հայաստան Հայ գիւղացիութեան գլխաւոր հարստութիւնը հողն էր: Դեռեւս նախահամիդեան ժամանակներէն սկսած՝ քուրդ շեյխ Ջալալեդդինի հօր` շեյխ Սաբադուլլահի կողմէն մշակուեցաւ եւ գործողութեան  մէջ դրուեցաւ հողային քաղաքականութիւն մը, որու նպատակն էր տեղահան անիլ կայսրութեան հայկական նահանգներու հայ բնակչութիւնը եւ անոնց  զրկիլ իրենց պատկանող անտառներէն, մարգագետիններէն ու վարելահողերէն: Հողային հարցն աւելի սրուեցաւ 1879 թուէն ետք: Այս ամէնեն ելնելով հասկանալի կը դառնար 1908 թ. երիտթուրքական յեղաշրջումէն ետք Վանի նահանգը հողային բազում խնդրահարոյց հարցերու եւ Վանի հայութեան հողազրկման խնդիրներու կարեւորութիւնը: 

Օսմանեան խորհրդարանի Մուշի երեսփոխան Գ. Կարապետեանը եւս կը նկատեր, որ հողային վեճերու առիթով հայ եւ քուրդ ոչ բոլոր հողագործերն էին զիրար դէմ լարուած: Վանի նահանգը հողերու մեծ մասը քրդերը ձեռք էին բերեր օրինական ճանապարհով, ուստի վերադարձնելու հիմք մը չկար: Բանն այն էր, որ «զուլումի» տարիները, երբ հայերը կ՚որոշեն գաղթիլ երկրէն, անկէ շատերը կը դիմեին քուրդերը եւ ընդամէնը ճանապարհածախս ձեռք բերելու համար, չնչին գումարով եւ պարզ մուրհակով գրաւ կը դնեն իրենց հողերը` պայմանով, որ քուրդը շահագործէ հողերը պարտք վերցրած գումարի տոկոսի փոխարեն մինչեւ մայր գումարի վճարումը: Ինչ խօսք, քուրդը ջանացեր է մուրհակը նշիլ հողի գինէն շատ աւելի մեծ գումարներ, որպէսզի յնարաւոր չդարձնէ պարտքի վճարումը եւ յետագային կարողանա հողերը տիրանալ: Իսկ կառավարութիւնը հայերէն կը պահանջէր հողերու տուրքը, որը քուրդերը չէին վճարեր եւ, ըստ էութեան, աճելով հասեր էր հողերու բուն արժեքը: Գաղթողներէն շատերը պարտքեր ունեին նաեւ անհատները, երկրագործական բանկը կամ կառաւարական գանձարանը: Անոնց  հեռանալէն ետք պարտատերերը դատարան դիմելու հայցադիմում էին ստացեր, որով այդ հողերը վաճառուեր էին քուրդերը չնչին գումարներով: Տեղացի եւ ազդեցիկ քուրդ կամ թուրք հողատերերը կարողացեր էին կառաւարական պաշտօնեաներու հետ գործարքի մէջ մտնիլ եւ զանազան կեղծ փաստաթուղթերով կամ կաշառքներով իրենց անունով փոխիլ գաղթական հայերու թողած ընդարձակ հողերը: Քուրդերէն շատերը, հողերու որոշ մասը բաժնետերերէն գնելով, միւս յատուածները եւս բռնագրաւեր էին՝ կառավարութիւնը կեղծ վկայաթուղթեր ներկայացնելով: