Բաքուի զինուժը սեպտեմբեր 13-ին ժամը 12։15-ի սահմանները Նոր Շենի ուղղութեամբ խախտեր է հրադադարը՝ կիրառելով հրաձգային զէնք: Ինչպէա կը տեղեկանանք Արցախին պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յաղորդագրութենէ, հրադադարի խախտման յետեւանքով հայկական կողմը կա մէկ վիրաւոր։Անոր կեանքը վտանգ չի սպառնար: Միջադէպին մասին յաղորդուեր է ՌԴ խաղաղապահ զորակազմին հրամանատարութիւնը:Աւելի վաղ Արցախին պաշտպանութեան նախարարութենէ յայտներ էին, որ Բաքուի զինուժը սեպտեմբեր 13- ին ժամը 11:50-ի սահմանները Ճանկաթաղի ուղղութեամբ խախտեր է հրադադարը՝ կիրառելով հրաձգային զէնք։ Արդեն երկրորդ օրն է Բաքուն Արեւելեան Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր ուղղութիւններով կը խախտէ հրադադարին ռեժիմը: