Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն սեպտեմբեր 18-ին Բերձորի միջանցքով եւ Ակնայի ճանապարհով ալիւր եւ բժշկական պարագաներ է հասուցեր Արցախ։ ԿԽՄԿ-ի յայտարարութեամ մէջ կը նշուի, որ սա յնարաւոր է դարձեր «որոշում կայացնողներու միջեւ հումանիտար փոխհամաձայնութեան հասնելու դիւանագիտական ջանքերու շնորհիւ»։
«Մեզի մեծապէս կը մխիթարէ այն, որ շատ մարդեր, որոնք կ՚ապաւինեն մարդասիրական օգնութիւնը, առաջիկա օրերը, վերջապէս, կստանան այդքան անհրաժեշտ աջակցութիւնը։ Առողջապահական կառոյցները չունին բժշկական պարագաներ: Մարդիկ հացին համար ժամերով հերթ կը կանգնեն: Անոնք կանօնաւոր մարդասիրական առաքումներու միջոցով կաիււն օգնութեան կարիք ունին: Այս կոնսենսուսը մեր թիմերը թոյլ է տուեր վերսկսիլ այս կեանքեր փրկող աշխատանքը», – ըսեր է ԿԽՄԿ Եվրոպայի եւ Կէդրօնական Ասիոյ տարածաշրջանային տնօրեն Արիան Բաուերը: Յայտարաութեան մէջ կը նշուի, որ ԿԽՄԿ-ն վերջին շաբաթներու ընթացքը բանակցութիւններ կը վարէր «որոշում կայացնողներու հետ»՝ քննարկելով տարբեր ճանապարհներով տարածաշրջան օգնութիւն հասցնելու տարբերակները։
«Երկուշաբթի օրուա գործողութիւնը կը ներառէ երկու բեռնատար, որոնք միաժամանակ ապրանքներ են մատակարարեր Լաչինի միջանցքով եւ Աղդամի ճանապարհով», – նշուած է յայտարարութեան մէջ: