Միացեալ Նահանգները չի կրնար երկխօսիլ Ռուսաստանին հետ Արցախին հարցով, բայց տեղեակ է, որ ռուսները կողմերը քննարկումներու կը յրաւիրեն, «Ազատութիւնը» տուած բացառիկ հարցազրոյցը ըսեր է ԵԱՀԿԱՄՆ դեսպան Մայքլ Քարփենթերը, յաւելելով կողմերու որոշումն է երթալ ատոնց, թէ ոչ։
«Ուկրաինիոյ դէմ Ռուսաստանին պատերազմը ազդեր է բազմաթիւ ձեւաչափերու վրայ, որոնց Ռուսաստանը կը մասնակցձր, քանի որ Մօսկուան այնպէս ալ խախտիլ միջազգային համակարգին նորմերը, որ դժուար է անոր հետ համագործակցութեան ուղիներ գտնիլ։ Բայց, ատորով հանդերձ Միացեալ Նահանգները կէդրօնացեր է Հայաստանի ու Բաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու, արդար եւ տեւական խաղաղութիւն գտնելու վրայ։ Ատոր համար մենք երկկողմ եւ եռակողմ հանդիպումներու մէջ ենք Հայաստանին ու Բաքուին հետ, կը սատարենք Եվրամիութեան ջանքերը, յատկապէս Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը», – ըսեր է նա։
«Միաժամանակ, գաղտնիք չէ, որ ռուսներն ալ քննարկումներու կը յրապիրեն կողմերը, եւ գաղտնիք չէ, որ ռուսները խաղաղապահներ ունին հոն: Մենք չենք կրնար սա ատեն երկխօսութիւն ունենալ ռուսներու քայլերու շուրջ, ուստի կողմերն իրենք կ՚որոշեն՝ կ՚ուզեն ներգրավուիլ ռուսական քննարկումները, թէ ոչ», – շարունակեր է Մայքլ Քարփենթերը։ Ընդ որում, խօսելով միջնորդներէն՝ ամերիկացի դիպանագետն ընդգծեր է՝ Միացեալ Նահանգները, ի տարբերութիւն այլոց, Հայաստանի ու Բաքուի հարեւանը չէ, կողմնակալ շահեր չունէ եւ ատորով իսկ կարող է առաւել անաչառ ու անկեղծ ըլլալ: Դա, ըստ Քարփենթերի, կը գիտակցեն թէ՛ Երեւան, թէ՛ Բաքու:
«Կը կարծեմ՝ երկու կողմն ալ Միացեալ Նահանգներու ծառայութիւնը կը դիտարկէ որպէս տարածաշրջանը խաղաղութիւն հաստատելու ազնիւ ու անկեղծ ջանք, քանի որ մենք կը տեսնենք ատոր առաւելութիւնները երկարաժամկետ կտրուածքով. մենք հարեւան երկիր չենք, ուստի մենք չունինք այն «անձնական» շահերը, որ որոշ այլ տարածաշրջանային երկրներ կրնան ունենալ։ Եւ ես կը կարծեմ, որ ատ կարող է նաեւ առաւելութիւն ըլլալ Միացեալ Նահանգներու համար, թոյլ տալով, որ մենք գործի դնենք մեր անաչառ դիւանագիտական գործիքները՝ այս տարաձայնութիւններու լուծմանը հասնելու համար», – շեշտեր է նա։