Սեպտեմբեր 19-էն թշնամին կիրառեր  է իր ձեռքին տակ եղած ողջ զինանոցը`քաղաքակիրթ աշխարհին աչքին առաջ սպանելով 9 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող եւ հիւծուած խաղաղ ՀԱՅ բնակչութիւնը:

Բաքուն կողմէն մը կը շարունակէ զորքին տեղաշարժը, կը կրակէ Արցախ, միւս կողմէն Երեւանը  կ՚ուղարկէ խաղաղութեան պայմանագիրի իր առաջարկները, որոնց մասին Երեւանեան իշխանութիւնները կը լռեն։

Western Armenia TV-ին այս հարցին շուրջ զրուցեր է՝  Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի հետ, ով   խօսեց Արցախի հրատապ իրադարձութիւններէն, որոնք անմիջական կապ ունեն ինչպէս  Արեւմտեան, այնպէս ալ Արեւելեան Հայաստանին հետ։Վերլուծեց իրավճակը, տուաւ յստակ գնահատականներ, պահպանելով Արեւմտեան Հայաստանի կողմէն ձեւաւորուած յստակ տեսլականը։

Ներկայացոյց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան  օրենքը  կապուած «Արցախի ինքնավարութեան» մասով, նշելով որ ինքնորոշման իրաւունքը շատ յաճախ կը շփոթուի  անկախութեան հետ:Անդրադարձաւ նաեւ 1988 թուականին սկսած համազգային շարժմանը, որու գլխաւոր նպատակը Արցախի ազատագրումն էր մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան:  Վերջը համախմբման կոչ յղեց համայն հայութիւնը, ըսելով՝  «Եթէ ամբողջ հայութիւնը կցավի, ապա պետք է հասկընա, որ աշխատանք ունինք տանելու հայրենիք պաշտպանելու համար»։

Հարցազրոյցը կրնաք  դիտիլ, մեր իւթուբեան ալիքը.