Իրավիճակը կը մնա ծայրահեղ ծանր։ Աւելին՝ հրետակոծութիւնն ադրբեջանական ուժերու կողմէն առաւել ինտենսիւ է դարձեր եւ անխտիր կը թիէախաւորեն տարբեր քաղաքացիական նշանակութեան օբյեկտներ Արցախին ողջ տարածքը: Սա կը խօսէ այն մասին, որ Բաքուն զերծ չի մնալու իր ահաբեկչական քաղաքականութենէ եւ ամէն ինչ ընելու է իր ցեղասպանական ծրագիրն աւարտը հասցնելու համար։ Այս ամէնը՝ այս ցեղասպանութիւնը, որ այժմ տեղի կունենա Արցախ, հանցակից է ամբողջ միջազգային հանրութիւնը»,-նշեց Հովիկ Աւանեսովը։Աւանեսովը շեշտեց՝ Բաքուի կողմէն Արցախի բնակչութեան նկատմամբ իրականացուող ցեղասպանութիւնը, թուրքական բարձրաստիճան սպայակազմի ներգրաւմամբ կը կատարուի: Հէնց իրենք անմիջապէս կը ղեկաւարեն այս ցեղասպանական գործողութիւնները։«Պետք է յստակորեն գիտակցիլ, որ այս ամէնն Արցախով չի սահմանափակուելու: Որպէս փորձագէտ՝ վստահաբար կ՚ըսեն յաջորդ յարուածը ըլլալու է ՀՀ տարբեր ուղղութիւններով։ Բաքուն ամէն ինչ ընելու է ատոր համար, եւ սա ՀՀ վրայ լայնածաւալ հարձակման ռազմական գործողութեան մեկնարկն է։ Դա պետք է շատ լաւ հասկընալ ու սթափ գնահատիլ իրավիճակը, որպէսզի կանխուի գոնէ ատ»։