ՄԱԿ-ի անվտանգուեան խորհուրդը ԱՄՆ ներկայացուցիչ Լինդա Թոմաս-Գրինֆիլդը Արցախին հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար կարեւորեց միջազգային առաքելութեան տեղակայումը:
«ԱՄՆ-ն մտահոգուած է Արցախին իրավիճակով, որը պայմանաւորուած է անորով, որ Բաքուն կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները: Մենք կոչ կընենք այդ գործողութիւնները դադարեցնիլ անմիջապէս»,-ըսաւ ԱՄՆ ներկայացուցիչ Լինդա Թոմաս-Գրինֆիլդը:
ԱՄՆ-ն ի գիտութիւն կ՚ընդունէ յայտարարութիւններն այն մասին, որ ռազմական գործողութիւններն ընհատուեր են: «Սակայն սա պահին իրավիճակը տեղը կը մնար ծանր: Եւ մենք խորապէս մտահոգուած ենք ստացուող տեղեկութիւններով՝ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ բռնութեան դեպքերու մասին: Պարզ արտայայտուեմ՝ Բաքուն պատասխանատւութիւն կը կրէ ապահովելու իր զինուած ուժերու գործողութիւններու ամբողջական համապատասխանութիւնը միջազգային իրաւունքին նորմերը, այդ թուին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերը, որոնք կը վերաբերեն մարտական գործողութիւններու վարմանը, քաղաքացիական անձանց պաշտպանութեանը եւ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու նկատմամբ մարդավայել վերաբերմունքի: Բաքուն նաեւ միջազգային պարտաւորութիւններ եւ յանձնառութիւններ ունէ՝ հարգելու իր տարածքը գտնուող բոլոր անձանց իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները»,-ըսաւ նա:
ԱՄՆ-ն կողմերը կոչ կ՚ընէ ապահովիլ, որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարողանան սնունդ, դեղորայք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ հասցնիլ՝ առանց որեւէ ճանապարհային պատնեշներու եւ ապահովիլ մարդասիրական աշխատողներու անվտանգութիւնը: