ԱՄՆ խոշորագոյն թերթերէն «Վաշինգտոն Փոստ» միջազգային քրեական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոն ծաւալուն վերլուծութեամբ անդրադարձեր է Արցախին դէմ Բաքուի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները՝ ընգծելով, որ ոչինչ չպետք է խոչընդոտէ աշխարհին կանգնեցնելու 2023 թուականին կատարուող Հայերու դէմ իրականացուող ցեղասպանութիւնը: Յեղինակը կը յիշեցնէ, որ 2021-ին նախագահ Բայդենը ցեղասպանութիւն է ճանաչեր, որը տեղի է ունեցեր 1915 թուականին՝ բռնազաթուած Արեւմտեան Հայաստան, այդ տարածքը իրենց հողերէն հայերը արտաքսեր են․ Իսկ Միացեալ Նահանգներու մեկ դար շարունակվող լռությունը այս հարցի շուրջ տխուր հետևանքներ է ունեցեր:
«Այսօր հայերը համաշխարհային առաջնորդներու, այդ թուին ՝ Բայդենի կարիքն ունին, որպէսզի կանգնեցնեն նոր ցեղասպանութիւնը, որը սկսուեր է անցեալ ձմեռը եւ այժմ աւելի դաժան փուլ կը թեւակոխէ: Սեպտեմբեր 19-ին, ամիսներ տեւած շրջափակումէն եւ Արցախի սահմանի երկայնքով ռազմական կուտակումներէն ետք, ադրբեջանական զինուժը հարձակման է անցեր: Օրուա ընթացքը ադրբեջանական զորքերը արագորեն կոտրեր են տեղի պաշտպանութիւնը՝ սպանելով աւելի քան 200 մարդու, այդ թուին՝ խաղաղ բնակիչներու: Կարճ ժամանակ անց անկայուն զինադադար է յայտարարուեր»,- ըսաուած է նիւթին մէջ:
Կը նշուի, որ ռմբակոծութիւններու դադարեցման դիմաց Բաքուն պահանջեր է Արցախի բարձրագոյն ղեկավարութեան կապիտուլյացիան եւ Արցախի իշխանութիւններու զինուած ուժերու զինաթափումը:
«Քանի որ Բաքուի յաղթանակն աւելի ու աւելի ակնյայտ կը դառնար, Արցախի տասնեակ խաղաղ հայեր հաւաքուեր էին Ստեփանակերտի օդակայանը՝ ձգտելով լքիլ իրենց նախնիներու հողերը: Անոնք լիովին իրաւունք ունին զգուշանալ յաջորդ քայլերէն, որոնք կրնան ձեռնարկիլ Բաքուի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը: 2022 թուականի դեկտեմբերէն Բաքուն արգելափակեր է Բերձորի միջանցքը՝ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ միակ յաղորդակցութիւնը: Փետրվար 22-ին ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը, լսելով երկու կողմերու փաստարկները, վճռեր է, որ շրջափակումը «իրական եւ անխուսափելի սպառնալիք» է ստեղծեր Արցախի հայ բնակչութեան առողջութեան եւ կեանքի համար»,- ըսաուած է թերթը: Վերլուծութեան մէջ կը յիշեցուի, որ շրջափակումը դադարեցնելու մասին դատարանի պարտադիր հրամանը կատարելու փոխարեն, Բաքուիի անվտանգութեան ուժերը հունիսը կը կրկնապատկեն իրենց ջանքերը՝ ամբողջութեամբ մեկուսացնելով անկլավը՝ կանխելով անգամ պարենի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներու առաքումը: Թերթն կընդգծէ, որ այդ ժամանակուընէ ի վեր Ալիեւը բազմիցս անտեսեր է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի եւ ԱՄՆ պետքարտուղարի կոչերը՝ կատարելու դատարանի որոշումը: Կը նշուի՝ Բաքուն հասկացեր է, որ իր գործողութիւններու համար միջազգային հանրութեան կողմէն լուրջ պատասխանատւութիւն չի կրեր:
Լուիս Մորենո Օկամպոին յօդուածը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ ` www.westernarmeniatv.com –ում․