Արցախէն ՀՀ տեղափոխուելու ցանկութիւն ունեցող բոլոր քաղաքացիները կունենան այդ հնարաւորութիւնը, այս մասին յայտարարեր են Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։

«Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ տեղափոխուելու համար սահմանուած ժամկետներ չկան, եւ ինչպէս արդեն տեղեկացուցեր ենք՝ առաջնահերթորեն ՀՀ կը տղափոխուին ռազմական գործողութիւններու յետեւանքով տարհանուած, անօթեւան մնացած եւ ցանր կացութեան մէջ յայտնուած ու ՀՀ տեղափոխուիլ ցանկացող քաղաքացիները:

Արցախին իշխանութիւնները շարունակելու են մնալ տեղերը եւ պետական կառավարում իրականացնիլ այնքան ժամանակ, մինչեւ ամբողջութեամբ չապահովեն ՀՀ ուղեւորուելու ցանկութիւն ունեցող քաղաքացիներու տեղափոխման գործընթացը:

Յաշուի առնելով այս ամէնը՝ կը խնդրենք  առայժմ զերծ մնալ տեղափոխուելէն՝ դժբախտ պատահարներէն խուսափելու եւ վիրաւորներու կեանքը փրկելու նպատակով:

Ստեղծուած ծանր իրավիճակը կոչ կընենք  յատկապէս պետական կառավարման համակարգի, առողջապահութեան ոլորտի եւ ուժային կառոյցներու աշխատակիցները շարունակիլ կատարել մասնագիտական պարտքը՝ յանուն մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան ու առողջութեան:

ՀՀ տեղափոխուիլ ցանկացող քաղաքացիները այսօր՝ ժամը 14:00-էն, Ստեփանակերտի թուով 5 բենզալցակայանը անվճար վառելիք կտրամադրուի:

Կոչ կընենք զերծ մնալ բռնութեան, անկարգապահութեան դրսեւորումներէն, յաւատարիմ մնալ արցախցիները յատուկ օրինապաշտութեանը»,- կասուի  յաղորդագրութեան մէջ։