Ցեղասպանութեան կանխման Լեմկինի ինստիտուտը յայտարարութիւն է տարածեր, որու մէջ  կ՚ասուի.

Արցախէն կը ստացուին  երեխաներու գլխատման եւ աւագ տղաները ու տղամարդոց կանանցէն եւ երեխաներէն բաժանելու պատմութիւններ։ Մենք յուսով ենք, որ դա ճիշտ չէ, բայց հիմքեր ունինք կարծելու, որ այդպէս է։ Բաքուն մշտապէս հայերու հետ վարւեր է բարբարոսութեան այդ մակարդակով, յատկապէս 2016, 2020 եւ 2022թթ. պատերազմներու ժամանակ։ Այդ երկիրը կը կառաւարեն մարդիկ, որոնք չեն թաքցնեդ իրենց ներքին ատելութիւնը հայերու յանդէպ:

Նման գազանութիւնները տարածուած էին նաեւ ցեղասպանութեան ժամանակ։ Դա հէնց այն է, ինչ տեղի ունեցաւ, օրինակ, երբ սերբական զորքերը զաւթին Սրեբրենիցան 1995թ. (եւս մէկ ցեղասպանութիւն, որը նպաստեցին Արեւմուտքի տատանումները)։ Երեխաները գլխատեցին, տղամարդոց եւ աւագ տարիքի տղաները առանձնացուցին՝ յաշվեհարդար տեսնելու համար։  Զանգուածային բռնաբարութիւն: Հանցագործներն արբած էին իշխանութեամբ եւ ատելութեամբ։

Դե ինչ, աշխարհ, ահա Բաքուն, որուն աջակցեցիր ու արդարացուցիր չնայած ցեղասպանութեան գիծով փորձագէտներու եւ ցեղասպանութեան կանխման հարցերով զբաղուող կազմակերպութիւններու բազմաթիւ նախազգուշացումները: Մենք կը հասկընանք Բաքուի նավթով հարուստ երկիր, Իրանի թշնամի, ճանապարհ դեպի Կէդրօնական  Ասիա ըլլալը, բայց արդյոք այս ամէնն իսկապէս արժեր այն բանը, որպեսզի ձեր հոգին վաճառեիք եւ դավաճանեիք ամբողջ ժողովրդի մը: Իհարկէ ոչ։ Եւ այնուամէնայնիւ,  մենք այստեղ ենք։

Եկեք երբեք չմոռնանք համաշխարհային առաջնորդներու ագահութիւնը, վախկոտութիւնը եւ (որոշ պարագաներուն) չարութիւնը, որոնք 2020 թուականէ կը ձեւացնեն, թէ  Բաքուն   այլ բան մըն է՝ ահաբեկչական պետութենէ բացի, որը ցեղասպանութիւն կը կատարէ:

Եկէ՛ք երբեք չմօռանանք ցեղասպանութեան այդ հանցակցութեան մասին։